Լիբանանեան «Ալ Մանար» հեռատեսիլի կայանը կը յայտնէ, որ վերջին օրերուն Քեսապի մօտակայ Չալմայի բարձունքին մօտ տեղի ունեցած բուռն մարտերուն ընթացքին սուրիական բանակը գերեվարած է 19 զինեալներ:
Մայիս 13ին, Քեսապի հարաւը տեղի ունեցած կռիւներուն ընթացքին սուրիական բանակը սպաննած է 9 զինեալներ:
Միւս կողմէ, Հալէպի մէջ, 13 Մայիս 2014ին, Նոր Գիւղի եւ Ազիզիէի մէջ ինկած հրթիռներուն պատճառով վիրաւորուած է քսանհինգամեայ Անդուան Դանիէլեանը:
Վիրաւորը փոխադրուած է հիւանդանոց:
Առաւօտեան ժամը 9ին, երկրաշարժի ուժգնութեամբ զօրաւոր պայթիւն մը կրկին ցնցեց քաղաքը: Այսուհանդերձ, ելեկտրականութեան մատակարարումը զգա-լիօրէն բարելաւուեցաւ, ինչ որ որոշակի աշխուժութիւն ստեղծեց բնակչութեան մօտ: Միւս կողմէ սակայն, երեք օրէ ի վեր սկսած ջուրի տագնապը առաւել սաստկացաւ: æուրի հոսքը միանգամայն դադրեցաւ: Բարեբախտաբար Հալէպի հայկական շարք մը կառոյցներու, եկեղեցիներու եւ մզկիթներու մէջ նման օրերու կանխատեսումով փորուած ջրհորները գործի ծառայեցին եւ առաւօտեան վաղ ժամերէն շարք մը կեդրոններէ ջուրի մատակարարում կատարուեցաւ: Նոր Գիւղի եւ Սուլէյմանիէի ակումբի հայ տղաքը եւս լծուեցան ծառայողական այս աշխատանքին եւ ջուր մատակարարեցին Նոր Գիւղի ակումբէն եւ Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանէն, իւրաքանչիւրը իր շրջանի բնակչութեան՝ հայ թէ արաբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.