
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Համայնքի հիմնասիւներէն հանդիսացող կազմակերպութիւններու շարքին, առաջիններէն է Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որուն՝ այս շրջանին մէջ իբրեւ առանձին շրջանային մարմինի գործունէութիւնը փառաւորուեցաւ նախանցեալ շաբաթավերջին՝ քանի մը ձեռնարկներով:
Որքա՛ն ալ փորձենք տեղեկագիրներով, թղթակցութիւններով հանրութեան ներկայացնել ՀՕՄի գործունէութիւնը, պէ՛տք է խոստովանինք, որ պիտի չկարենանք տալ հարազատ պատկերացումը այն ծով աշխատանքին, նուիրումին, զոհաբերութեան, որ ՀՕՄուհիներու առօրեան է, որ իրենց բնական տարերքն է:
Այս կառոյցին շուրջ համախմբուողներու ուշադրութեան ու հոգածութեան տարածքը կը սկսի մեր բակէն ու կը հասնի հոն, ուր հայ մարդ կ՛ապրի, ուր մեր հայրենակիցները, ազգակիցները կարիքի մէջ են, նեղութիւն կը դիմագրաւեն:
ՀՕՄականները կը հասնին Արցախ, կը հասնին æաւախք ու Հայաստանի շրջաններ, կը հասնին Հալէպ, Դամասկոս ու կը հասնին տարագրեալ քեսապցիներուն, կը հասնին Լոս Անճելըսի հայ համայնքին, անոր դպրոցներուն, ազգային կառոյցներուն ու կեդրոններուն:
Գործունէութեան այս անպարփակելի դաշտը մշտապէս ընդարձակուելու միտում ունի, ոչ միայն կարիքի մեծացման պատճառով, այլեւ՝ գործող կառոյցներուն թեւ ու թիկունք դառնալու մտահոգութեան դրդումով, որ երբեք հանգիստ չի ձգեր ՀՕՄականը, ՀՕՄի մասնաճիւղը, ՀՕՄի Շրջանային մարմինը: Նեղ կազմակերպական նկատառումները խորթ են այս միութեան ու անոր անդամներուն: Հաւանաբար, իրենց ուժի ու յարատեւման գաղտնիքը եւս այդ անշահախնդիր՝ բոլորին հասնելու մօտեցումին ու սկզբունքին մէջն է:
Վարձքերնիդ կատար, սիրելի ՀՕՄականներ: Շնորհաւոր՝ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ իբրեւ առանձին կազմակերպական միաւոր գործելու ՀՕՄի հրաշալի երեսունամեակը: