Կասկածէ վեր է, թէ ծայրայեղական ընդիմադիր այս ուժերը, զինուած Թուրքիոյ կողմէ եւ մուտք գործած Թուրքիայէն, իբրեւ իրենց հիմնական թիրախը ընտրած են յարձակումները անզէն ժողովուրդին վրայ, քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ: Կարճ ժամանակ առաջ, մուտք գործելով Թուրքիայէն, յարձակեցան հայաբնակ Քեսապին վրայ, պատճառ դառնալով, որ ամբողջ բնակչութիւնը տեղահանուի եւ ապաստան գտնէ Լաթաքիոյ մէջ: Վերջին օրերուն նոյն ուժերը, մուտք գործելով նորէն Թուրքիայէն, սկսած են անդադար հրթիռակոծումը Հալէպի հայկական թաղամասերուն եւ յատկապէս Նոր Գիւղի շրջանը:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն մամլոյ սպասարկութիւններ եւս, Նոր Գիւղի անդադար այս հրթիռակոծումը, ծայրայեղական ուժերուն կողմէ, վտանգի ենթարկած է բնակչութեան կեանքը, իսկ մեծ վնասներ հասցուցած՝ հայկական եկեղեցիներու, դպրոցներու, ակումբներու, բնակարաններու եւ գործատուներու, որոնք ամբողջութեամբ կամ մասամբ քանդուած են, պատճառելով անզէն եւ խաղաղ բնակչութեան տեղահանումը եւ ապաստան գտնելը Լաթաքիա, ուր արդէն խճողուած են Քեսապի փախստականները:
Նկատի ունենալով ստեղծուած կացութիւնը, Սուրիահայութեան Շտապ օգնութեան եւ վերականգման մարմինը, յայտարարած է Հալէպի հայկական թաղամաս Նոր Գիւղը իբրեւ ԱՂԷՏԵԱԼ ԳՕՏԻ:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը, կը դատապարտէ շարունակական այս յարձակումները Սուրիոյ հայ ազգաբնակչութեան դէմ: Անկասկած՝ ծայրայեղական այս ուժերը այժմ, իբրեւ իրենց հիմնական թիրախը կը նկատեն հայաբնակ շրջանները, եւ որոնք անտարակոյս կը քաջալերուին երրորդ երկիրներու կողմէ եւ յատկապէս Թուրքիայէն, ուր եւ կը զինուին այս ուժերը եւ ունին արտօնութիւնը մուտք գործելու Սուրիոյ սահմաններէն ներս, հակառակ Թուրքիոյ անհիմն պնդումներուն, որ ինք ոեւէ մեղսակցութիւն չունի:
Կոչ կ՛ուղղենք Եւրոպական Միութեան, որ այլեւս ժամանակն է փոխելու իր մինչեւ այսօր որդեգրած կեցուածքը եւ դատապարտելու բուռն կերպով այս յարձակումները եւ ճնշելու Թուրքիան, որ դադարեցնէ ոճրագործ այս ուժերու զինումը եւ ուղարկումը Սուրիա, յարձակումներ կատարելու համար հայաբնակ շրջաններու վրայ:
Կոչ կ՛ուղղենք բոլոր պետութիւններուն եւ յատկապէս անոնց, որոնք կը սատարեն ընդիմութեան ուժերուն, որ միջամտեն եւ պահանջեն ծայրայեղական այդ ուժերէն, դադարեցնելու իրենց յարձակումները հայաբնակ շրջաններուն վրայ: Այն պետութիւնները, որոնք պիտի չառնեն նման նախաձեռնութիւններ, պիտի կրեն բարոյական պատասխանատուութիւնը հակահայ այս գործողութիւններուն եւ բոլոր ոճիրներուն, որ կը կատարուին ծայրայեղական այս ուժերուն կողմէ:
Կոչ կ՛ուղղենք Սուրիոյ իշխանութիւններուն, որ դիմեն անմիջական միջոցառումներու, ապահովելու անզէն ժողովուրդին ֆիզիքական ապահովութիւնը, որուն տենչանքն է իր գիւղերուն եւ թաղամասերուն մէջ ապրիլ խաղաղութեամբ եւ կեանքի ու ինչքի ապահովութեամբ:
Հայ ժողովուրդը, որ ենթարկուած է ցեղասպանութեան Թուրքիոյ կողմէ, դիմագրաւած է մեծ աղէտներ, սակայն այսօր ոտքի է եւ կենդանի, պիտի չարտօնէ ոեւէ նոր զանգուածային յարձակումներու ծրագիրի իրագործումը Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն դէմ, եւ պիտի հակազդէ համապատասխանօրէն ամբողջ աշխարհի մէջ, ապահովելու համար Սուրիոյ հայութեան անվտանգութիւնը:
ՀՅԴ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ