
30 եւ 31 Մայիսին եւ 1, 7 եւ 8 Յունիսին Լիբանանի «Ժըմմէյզէ» թատերասրահին մէջ «Թէաթրոն» թատերախումբը հանրութեան ներկայացաւ Մարշա Նորմանի «Գիշեր Բարի, Մամ» թատերախաղով, բեմադրութեամբ Սուրէն Խտըշեանի:
Թատերախաղը 70 վայր-կեան տեւողութեամբ երկխօսութիւն մըն է մօր (Գոհար Քերոբեան) եւ աղջկան (Շաղիկ Մայիսեան-Խտըշեան) միջեւ:
Նիւթը կնոջ ինքնութեան մասին է, թէ կինը ընկերութեան մէջ ինչպէ՛ս ընդունուած է եւ կ՛ուզէ՛ բան մը փոխել, բայց չի յաջողիր: Մայրը ընդունած է կեանքը ինչպէս որ է, սակայն Շաղիկ դէմ կ՛ելլէ եւ չ՛ընդունիր շրջապատը. միակ փրկութիւնը կը տեսնէ անձնասպանութեան մէջ: Ան կը մերժէ իր ինքնութիւնը, կը քանդէ կնոջ ինքնութեան յոյսը եւ անձնասպանութիւնը կը նկատէ շնորհ եւ խորհուրդ:
«Մամ, ես քիչ ետք անձնասպան պիտի ըլլամ…», նախադասութիւն մը, որուն կը յաջորդէ երկխօսութիւնը, որուն ընթացքին մայրը կը մատնանշէ ամէն սխալ բան, որ պատահած է աղջկան կեանքին մէջ՝ համոզելով, որ ան ետ դառնայ իր որոշումէն եւ անձնասպան չըլլայ: Սակայն ապարդիւն:
Պէտք է նշել, որ Գոհար եւ Շաղիկ կրցան մարմնաւորել իրենց վստահուած դերը՝ արժանանալով հանդիսատեսներու գնահատանքին: