Կրկին ռումբերու տարափ է
Վիշապները միաբերան կը ոռնան
Կը մոռնան
Որ տիեզերքը Տէր մը ունի
Իր ձեռքերուն մէջ բռնած մոլորակը…
Մանուկներ չեն լար
Արտասուաթոր ու լալահառաչ անհուր կոպերը իրենց
Ալ հանգչած են
անոնք արդէն հրեշտակներ են
Բայց անոնց մարդկային երազանքները դեռ չեն կորսուած
Մայրեր վարսերը իրենց չեն փետտէր
Անոնք չորցած ծառեր են եւ ուռիներ
Յանգած լապտերներ
Իսկ ծերունիները՝ արմատներ
Ամրօրէն հողին մէջ խռուած
Որոնց դժգոհանքն ու անէծքը
Ալ չհասնիր դէպի վեր
Տակաւին կը ճաքճքի
երկրի մակերեսին աղի արձաններ դարձած
Կը մսի հինաւուրց քաղաքի ոգին…
Օրհներգողները՝ հրեշտակապետեր կը դառնան…
Իսկ կրակոցը անյողդողդ երիտասարդ այրերուն
Դեռ օդին մէջ կը շարունակուի աննկուն
Փորձելով լռեցնել երազանքներ պատմող՝
Եւ պատգամներ աւետող կանչը հրեշտակներուն…
Հալէպցի ըլլալը՝ հերոս, միաժամանակ արգահատելի ըլլալու
համազօր է
Երազանքն ու փափաքը Հալէպցիին
Ուր ալ գտնուի միայն մէկ բան է՝
խաղաղութիւն
ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ ՂԱԶԱՐԵԱՆ