ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- ՀԲԸՄի երկարամեայ անդամ Կլետիս Աշճեան, որ 2012ին մահացած էր 106 տարեկան հասակին, 947,277 տոլար ժառանգած է ՀԲԸՄին։
Կլետիս ծնած էր Ռոտ Այլընտ եւ զաւակն էր Գասպար եւ Աղաւնի Աշճեաններուն, որոնք 1930ա-կաններուն Քալիֆորնիոյ Ֆաուլըր շրջանը հաստատուած էին։ 1951ին Սան Ֆրանսիսքօ փոխադրուելով՝ ան 18 տարի դասաւանդած է տեղւոյն «Թրէյսի» երկրորդական վարժարանին մէջ ու հանգստեան կոչուելէ ետք՝ այդ վարժարանի շրջանաւարտներուն համար յատուկ կրթանպաստի հիմնադրամ մը հաստատած է։ Հանգստեան կոչուելէ ետք, ան իր ժամանակը տրամադրած է ճամբորդութիւններու եւ հագուստներ կարելու իր ձիրքին։
Կլետիս Աշճեան նաեւ 50,000 ժառանգ ձգած էր Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին, որ հանգուցեալին անունով հիմնադրամ մը հաստատած է նոյն համալսարանին մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.