ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեքշաբթի, Յուլիս 15ին, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին առջեւ իր վկայութեան ընթացքին, Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնի թեկնածու Ճան Պես յայտնած է, որ Թուրքիոյ հարաւային սահմաններուն անկայունութիւնը աւելի հրատապ դարձուցած է Իսրայէլի, Հայաստանի եւ Կիպրոսի հետ յարաբերութիւններուն բարելաւումը:
«Կը շարունակենք կոչ ընել Թուրքիոյ եւ Հայաստանին, որ քայլեր առնեն յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ», յայտարարած է Պես, յիշեցնելով «վարչապետ Էրտողանին ցաւակցութիւն յայտնելու քայլը՝ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին զոհուած հայերու սերունդներուն»:
«Սակայն կարելի է աւելին ընել, եւ մենք կոչ կ՛ընենք երկու կողմերուն շարունակելու ջանքերը՝ 1915ի ողբերգական իրադարձութիւններուն հետ կապուած փաստերու ամբողջական եւ արդար ճանաչման հասնելու համար», յայտարարած է դիւանագէտը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Լուրին վերնագիրը շատ լաւատեսական տպաւորութիւն կը ձգէ, քան լուրը ի՛նք: