ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի արտաքին առեւտրաշրջանառութիւնը ընթացիկ տարուան առաջին կիսուն կազմած է 2 միլիառ 781 միլիոն 29 հազար տոլար, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով աւելցած է 30 միլիոն 925 հազար տոլարով:
«Արմէնփրէս»ին համաձայն՝ 2013ի առաջին վեց ամիսներուն առեւտրաշրջանառութիւնը կազմած էր 2 միլիառ 750 միլիոն 104 հազար տոլար:
Հայաստանի Մաքսային ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ արտաքին առեւտրաշրջանառութեան մէջ հիմնական մասը կը կազմեն ներածուած ապրանքները: Ընթացիկ տարուան առաջին վեց ամիսներուն ներածման քանակը կազմած է 2 միլիառ 76 միլիոն 89 հազար տոլար, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով աւելցած է 20 միլիոն 903 հազար տոլարով: Նախորդ տարի Յունուար-Յունիսին ներածման արժէքը եղած է 2 միլիառ 55 միլիոն 186 հազար տոլար:
2014 թուականի առաջին կիսամեակին 10 միլիոն 22 հազար տոլարով աւելցած է նաեւ արտահանման ծաւալը՝ կազմելով 704 միլիոն 940 հազար տոլար: Նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին արտածման քանակը 694 միլիոն 918 հազար տոլար էր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.