ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող հասարակութիւնը մնայուն կերպով կ՛աջակցի, օգնութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստան հասատուած սուրիահայերուն: «Հալէպ» հայրենակցական հասարակական կազմակերպութիւնը՝ Ֆրանսա բնակող «Տիասփօ Արց» նկարիչներուն խումբին, ինչպես նաեւ հայաստանաբնակ եւ սուրիացի կարգ մը արուեստագէտներու մասնակցութեամբ քանի մը օրուան վրայ երկարող բարեսիրական ցուցահանդէս–վաճառք մը կազմակերպած է Ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ: «Կանգառ Երեւանում» խորագիրը կրող ցուցահանդէսէն գոյանալիք գումարը պիտի փոխանցուի «Հալէպ» հայրենակցական հասարակական կազմակերպութեան՝ սուրիական ճգնաժամէն տուժած ընտանիքներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով:
«Հալէպ» կազմակերպութիւնը նախատեսած էր, որ ցուցահանդէսը տեւէ 7 օր, սակայն նկատի ունենալով մարդոց հետաքրքրութիւնը, անիկա պիտի շարունակուի մինչեւ 22 Օգոստոս։ Նկարներուն արժէքը կը տատանի 80 հազարէն մէկ միլիոն դրամի միջեւ:
«Ասիկա «Տիասփօ Արց»ի 7րդ «կանգառն» է՝ այս անգամ Երեւանի մէջ: Ցուցադրուած են հայ, ֆրանսացի, սուրիահայ 29 արուեստագէտներու 104 գործեր: Վաճառքի հասոյթը «Հալէպ»ը պիտի օգտագործէ սուրիահայերու կացարանի կառուցման համար: Մենք ունինք կացարանային ծրագիր, որ մշակման հանգրուանին մէջ է: Ծրագիրով նախատեսուած է կառուցել կացարան՝ կարիքաւոր ընտանիքներուն համար: Անոր առաջին յարկին վրայ պիտի ըլլան աշխատավայրեր, իսկ մնացեալ յարկերուն՝ բնակելի տարածքներ: Պիտի փորձենք սուրիահայ ընտանիքները պահել Հայաստանի մէջ, որպէսզի անոնք չլքեն երկիրը, եւ արտագաղթ չըլլայ», «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է «Հալէպ» հայրենակցական-բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան երիտասարդական յանձնաժողովի անդամ Յակոբ Գազանճեան:
Ըստ անոր՝ Հայաստանի մէջ շուրջ 12 հազար սուրիահայ կ՛ապրի: «Սուրիահայերուն հոսքը քիչ մը կ՛աւելնայ, որովհետեւ ճամբաները բաց են, իսկ այնտեղ վիճակը հետզհետէ կը վատթարանայ. Հայաստանի մէջ կան լաւ ապրող սուրիահայեր, կան նաեւ այնպիսիներ, որոնք կացարան չունին», նշած է ան:
«Տիասփօ Արց»ի ղեկավար, ցուցահանդէսի գաղափարի հեղինակ Վաչէ Տեմիրճեանի խօսքերով՝ ցուցահանդէսը 6-7 «կանգառներ» ունեցած է Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու մէջ: «Արդէն բաւական գումար յատկացուած է սուրիահայերուն՝ ցուցահանդէսներուն շնորհիւ: Ասիկա նաեւ որոշ առումով կամուրջ է սփիւռքի եւ հայրենի նկարիչներուն միջեւ: Վաճառքէն բացի, կ՛ուզեմ, որ Հայաստանի մէջ գիտակցին, որ սուրիահայերը վատ վիճակի մէջ են, բազմաթիւ ընտանիքներ տուն չունին, ամէն օր գաղթականներ կու գան, եւ կ՛ուզեմ, որ օգնենք անոնց։ Նկարիչներուն ըսի, որ երբ 25 տարի առաջ Հայաստանի մէջ երկրաշարժ եղաւ, մեր սուրիահայ քոյրերն ու եղբայրները մեզի օգնեցին, հիմա մեր հերթն է», յայտնած է ան:
Ան հաստատած է, որ Ֆրանսայի մէջ արդէն 15 գործ ծախուած է։ «Կոչ կ՛ուղղեմ, որ մարդիկ գան, գնեն այս գործերը եւ բարի գործ ընեն սուրիահայերուն համար», աւելցուցած է ան։
Նկարչուհի Մոկօ Խաչատրեան ցուցահանդէսին ներկայացուցած է «Արի ինձ հետ» նկարը, զոր գծած է 2010ին։ Ան հաստատած է, որ միշտ ալ մեծ ուրախութիւն է մասնակցիլ բարեսիրական ցուցահանդէսներու: «Տարիներ առաջ արուած նկար է, որը ներկայացուել է Բեյրութի անհատական ցուցահանդէսին: Միակներից է, որ մնաց այդ իրադարձութիւնից: Լուսաւոր գործ է, դրա համար ընտրեցինք հենց սա», յայտնած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.