Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի 25 տարեկան միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ նշանակեց իր կազմին առաջին կոլը, ակումբին պաշտօնական կայքին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Ֆութպոլի դաշտին վրայ միշտ կը փորձեմ տալ առաւելագոյնս: Ասիկա ոչ միայն ակումբիս համար կարեւոր է, այլեւ՝ ինծի համար ալ: Կը փափաքիմ որքան կարելի է միշտ մեծ օգտակարութիւն ունենալ ակումբիս»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.