p>
ԹԱՒՐԻԶ.- «Արարատ»ի Թաւրիզի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, տարեկան միջմասնաճիւղային 32րդ խաղերու բացումը կատարուեցաւ Հինգշաբթի, 14 Օգոստոսի երեկոյեան, «Արարատ»ի մարզադաշտին մէջ, Թաւրիզի Ազգային առաջնորդարանի կողքին:
Միջմասնաճիւղային խաղերուն իր հովանաւորութիւնն էր շնորհած եւ ներկայ էր Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան: Բացման պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Թաւրիզի հոգեւոր հովիւ Առաքել քհնյ. Տմտմեան, Երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան անդամներ, «Արարատ»ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Հ. Խալոյեան եւ վարչութեան ներկայացուցիչ անդամներ, ազգային տարբեր կառոյցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, Թաւրիզի մարզանքի եւ երիտասարդութեան պետական պատասխանատուն, Փոքրամասնութիւններու գրասենեակի պատասխանատուն, «Արարատ»ի տարբեր մասնաճիւղերէն հրաւիրուած ներկայացուցիչ անդամներ, ինչպէս նաեւ «Արարատ»ականներու եւ համակիրներու մեծաթիւ բազմութիւն մը:
Մարզական տարբեր խաղատեսակներով՝ պասքեթպոլ, ֆութպոլ, փինկ-փոնկ եւ ճատրակ, մրցելու համար խումբեր կը մասնակցէին Թեհրանէն, Սպահանէն (Նոր æուղա), Ուրմիայէն, Կիարտապատէն, ինչպէս նաեւ հիւրընկալ քաղաքէն՝ Թաւրիզէն, որոնք կը ներկայացնէին տարբեր մասնաճիւղեր: Աւելի քան հարիւր մարզիկներուն ու անոնց ընկերակցող պատասխանատուներուն ընտանեկան սիրով կը հիւրընկալէր «Արարատ»ի Թաւրիզի մասնաճիւղը, կեցութեան յարմարութիւններու եւ սնունդի ամբողջական պատասխանատւութիւնը ստանձնելով:
Բացման պաշտօնական հանդիսութեան բարի գալստեան խօսքը միասնաբար ուղղեցին Կարէն Սարգիսեանը եւ Սեւանա Դանղեանը: Անոնք ողջունեցին 32րդ միջմասնաճիւղային խաղերու կայացումը Թաւրիզի մէջ, միշտ յիշելով, թէ սա ինքնին փաստ է Ատրպատականի Հայոց թեմի ժողովուրդի կանգուն ու աշխոյժ ըլլալուն:
Ապա, տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, երբ երեք սկաուտներ Իրանի, «Արարատ»ի եւ միջմասնաճիւղային մարզախաղերու դրօշները ծածանեցուցին սիւներուն վրայ: Կեդրոնական վարչութեան խօսքը փոխանցեց վարչութեան անդամ Արա Գալստեան: Ան բարձր գնահատեց Թաւրիզի մասնաճիւղի վերակազմակերպ աշխատանքը եւ կառոյցի բոլոր բաժանմունքները առոյգ պահելու նախանձախնդրութիւնը: Իսկ «Արարատ»ի Թաւրիզի մասնաճիւղի վարչութեան նախագահ Նժդիկ Աբրահամեան փոխանցեց մասնաճիւղին խօսքը: Ան լայն սրտով ողջունեց բոլորին ներկայութիւնը, հակառակ սահմանափակ մարզադաշտին ու կեցութեան համեստ պայմաններուն: «Արարատ»ի Թաւրիզի մասնաճիւղի անցեալ 60 տարիներու փորձառութիւնը նժարի մէջ դնելով նման ձեռնարկներու կազմակերպման սպառնացող դժուարութիւններուն դիմաց, ան զանոնք նկատեց հարստացուցիչ ու դաստիարակիչ բոլորին համար ու յատկապէս՝ նոր սերունդին:
Իր փոխանցած հայերէն ու պարսկերէն խօսքով, Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ հիւսիսային Իրանահայութեան երեսփոխան դոկտ. Կարէն Խանլարեան ողջունեց թաւրիզահայութեան սիրտին մէջ կայացած սոյն կարեւոր ձեռնարկը եւ շնորհակալութեան ու երախտիքի խօսք ուղղեց պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներուն, հայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերած ուշադրութեան ու հոգածութեան համար:
Դոկտ. Խանլարեանի խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ միջմասնաճիւղային խաղերու ջահի վառման արարողութիւնը Ս. Թադէի վանքին մէջ, ուրկէ բերուած էր կրակը: Ապա, յատուկ թափօրով, բաղկացած վաստակաշատ մարզիկներէ, գլխաւորութեամբ կռփամարտի նախկին ախոյեան եւ «Արարատ» Թաւրիզի մասնաճիւղի վեթերան անդամներէն Էտիկ Վիլքիի, վանքէն վառուած կրակը բերուեցաւ եւ ֆութպոլի նախկին վեթերան մարզիկներէն ու թեմի բարերար Համազասպ Ոսկանեանի ձեռամբ վառուեցաւ միջմասնաճիւղային խաղերու հսկայ ջահը: Ապա բոլոր մարզիկները տողանցեցին մարզադաշտին վրայ, իրենց պատկանած մասնաճիւղերու ցուցանակները կրելով, եւ գրաւեցին իրենց տեղերը:
Առաջնորդ սրբազանը իր հայրական պատգամը փոխանցեց ներկաներին: Ան «Բացօթեայ դասարան» կոչելով «Արարատ» մարզա-մշակութային կազմակերպութիւնը, անդրադարձաւ անոր 70ամեայ օրհնաբեր ներկայութեան՝ ընդհանրապէս իրանահայութեան կեանքին մէջ, ու ոգեշէն ներկայութեան՝ թաւրիզահայութեան կեանքէն ներս. «Թաւրիզը իր հայ ընտանիքի անխառն կառոյցով, հայոց լեզուի ու դպրութեան նկատմամբ նախանձախնդիր մօտեցումով ու հոգեւոր թէ ազգային նուիրական աւանդութիւններու խոր հաւատարմութեամբ, դարերու ընթացքին դրսեւորած է հայեցի դաստիարակութեան կուռ ոգի, այս քաղաքին տալով հայկական դիմագիծ: Մեր ազգասէր ու հայրենանուէր հայրերը այստեղ են կազմաւորուած, հայրենիքի ազատագրութեան համար անձնազոհ մարտիկները այստեղ են դաստիարակուած, ու ընդհանրապէս իրահանայութեան կեանքէն ներս հայ մշակոյթի ռահվիրաները այստեղ են ստացած իրենց կրթութիւնը: Եւ զարմանալի չէ, որ ազգասիրական այդ ոգին պիտի ըլլար Ատրպատականի այս թեմին մէջ, որովհետեւ այս հողին վրայ իր բոսոր արիւնն է թափած Քաջ Վարդան զօրավարը Աւարայրի ճակատամարտին ընթացքին, իր սուրբ արեամբ ոռոգելով գալիք սերունդներու խոպան հոգիները: Հերոսական մարտեր մղուած են մեր նախնեաց կողմէ, պահպանելու մեր լեզուն ու հաւատքը՝ մեր ազգային ինքնութիւնը: Վերջապէս, թաւրիզահայութեան հայեցի ու ազգասիրական շունչը համախմբած է ձեզ այսօր, պատմական յուշերով շնչող այս վաղեմի քաղաքին մէջ», ըսաւ սրբազանը, դիմելով հիւրերուն ու թաւրիզահայերուն: Ապա, ան յատկապէս մարզիկներուն ուղղելով իր խօսքը՝ ըսաւ. «Բոլորդ ալ վերջաւորութեան յաղթական դուրս պիտի ելլէք այս մարզադաշտէն: Որովհետեւ հայեցի դաստիարակութիւն պիտի ստանաք, միշտ յիշարժան պահելով այն քանի մը օրերը զորս պիտի անցընէք Թաւրիզի մէջ: Մեր ազգային արժանապատւութիւնն է, որ պիտի յաղթէ այստեղ, մեր ազգասիրութեամբ բոցավառուող նկարագիրն է, որ առաւել եւս պիտի կոփուի այս օրերուն ընթացքին», շեշտեց սրբազանը, եւ ապա բարձրօրէն գնահատելով «Արարատ»ի Թաւրիզի մասնաճիւղը, յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:
Բացման պաշտօնական հանդիսութեան համար յատուկ գեղարուեստական յայտագիր մշակուած էր «Արարատ»ի Թաւրիզի մասնաճիւղի մշակութային յանձնախումբին կողմէ, որ մեծ խանդավառութեամբ ընկալուեցաւ ներկայ երիտասարդութեան կողմէ:
Պաշտօնական բացումէն անմիջապէս ետք, սկսան խաղերը: Կողովագնդակի մրցաշարքին առաջին գնդակը արձակուեցաւ սրբազան հօր ձեռամբ եւ ապա Թաւրիզի ու Թեհրանի խումբերու մարզիկները յափշտակեցին զայն, ու սկսաւ խաղը:
Նշենք, թէ նոյն գիշեր Ազգային առաջնորդարանի այգիին մէջ «Արարատ»ի Թաւրիզի մասնաճիւղի հիւրընկալութեամբ ընթրիք տրուեցաւ Թաւրիզ ժամանած հիւրերուն ի պատիւ, որուն ներկայ գտնուեցան առաջնորդ սրբազանն ու Ազգային իշխանութեան անդամները: