
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Աշխարհի բոլոր ծննդավայրերն ալ թանկարժէք են, սիրելի ու անփոխարինելի տեղացիին համար, որովհետեւ պորտալարով կապուած է անոր. անոր օդին, անոր հողին ու ջուրին, անոր մարդոց ու անոր սիրտի զարկերուն: Սակայն, ինչո՞ւ Հալէպի պարագան տարբեր է բոլորէն:
Ոչ թէ Գ. Զօհրապի «Կոտրելէն ետք»ի նման, Հալէպի քանդումէն ետք զգացինք անոր իսկական արժէքը, այլ անոր խաղաղ օրերուն ալ, մեծ սիրով կապուած էինք անոր եւ մեր հալէպցի ու հալէպահայ ըլլալուն համար միշտ բախտաւոր, ուրախ ու հպարտ զգացած ենք:
Հալէպը ուրիշ է: Էր եւ է՛ տակաւին: Մի՛ այպանէք մեզ. ինքնասիրահարուածութիւն չէ ասիկա: Իսկապէ՛ս Հալէպը ուրիշ է:
Եւ ահա, յիսուն տարիներու հեռաւորութենէ, նախկին հալէպահայ մը, Զաւէն Խանճեան անունով, ոչ միայն իր մանկութեան ու պատանեկութեան յուշերը կը պատմէ, ոչ միայն ներբողը կ՛ընէ անցեալի քաղցր օրերու, այլ իր սիրտը բանալով, անոր մէջ կուտակուած կարօտը, սէրն ու ապրումները բառ ու բանի վերածած, 225 էջերու վրայ կ՛ամփոփէ ու կողքին վրայ կը գրէ. «ՀԱԼԷՊԱռաջին կայարան Մանկութիւն ունեցող տղու մը յուշերը»:
Գիրքի իւրաքանչիւր էջին, իւրաքանչիւր տողին ու բառին մէջ կը զգաս Հալէպի համար բաբախող սիրտի մը կշռութաւոր մեղեդին: Համ ու բոյր ունեցող կարօտ կայ ծուարած իւրաքանչիւր յուշի պատառիկին մէջ:
Եւ գիտնալ, որ Խանճեան նախակրթարանէն ետք հայկական վարժարան չէ յաճախած եւ ինքնաշխատութեամբ ու ինքնազարգացումով յղկած, փայլեցուցած է իր հայերէնը: Այս գիրքը, որ լոյս տեսած է որպէս «Մատենաշար-15, Լոս Անճելըսի Թէքէեան Մշակութային Միութեան», հեղինակին՝ երրորդն է. առաջինը «Այս Տունը Քո՞ւկդ Է, Թէ՞ Իմս» (2007), ուխտագնացութեան պատմութիւնն է իր հօրենական ծննդավայրի տան Էրկրի Աղն գիւղին մէջ, ուր ընկուզենի մը կը տնկէ տան առջեւ, տան թուրք բնակիչներուն վերոյիշեալ հարցը տալէ եւ անպատասխան մնալէ ետք: Երկրորդը անուանած է «Սրտի Եւ Մտքի Ցոլքեր» (2011):
Պատանի Զաւէն, որ այժմ՝ եօթանասունի դռներուն, կը վարէ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան տնօրէնի պաշտօնը, իր երբեմնի հալէպեան յիշատակներու կծիկը կը բանայ ու անոր մէջէն մէկ առ մէկ դուրս կը բերէ յուշի պատառիկ մը, իրենց «Կայարանի» տան շրջապատի վայրերուն եւ մարդոց մասին, իր հօր, անուանի կահագործ վարպետ Վազգէնի մասին, իր ընտանեկան պարագաներուն, յաճախած դպրոցներուն, եկեղեցւոյ, դասընկերներուն, սիրած աղջկան, տեղացի արաբ մարդոց, հալէպեան կենցաղին, բարքերուն ու սովորութիւններուն. մէկ խօսքով «իր յիշատակներու գանձատուփի հարուստ պարունակութեան մասին. եւ այս բոլորը»՝ մաքրամաքուր հայերէնով, գեղարուեստական ոճով, հետաքրքրական գրապատկերներով:
Գիրքը կը բացուի «Հեղինակի խօսք»ով, ուր առաջին տողէն իսկ կը զգաս, թէ որո՞ւն հետ գործ ունիս:
«Այսօր սուրիական հայրենիքը արիւնաթաթախ է:
Այսօր, Սուրիոյ արդի պատմութեան մէջ չտեսնուած տարողութեամբ քանդումի եւ կործանումի ծրագրուած դաւադրութեան մը իրագործումին ականատեսներն ենք մենք:
Ու ես կու լամ ի տես այս վիճակին:
Ու ես կու լամ ի տես հոն ապրող դարամեայ մեր գաղութին համար»:
Այսօր, Սուրիոյ վրայ շղթայազերծուած պատերազմին պատճառով, արաբն ու իսլամը աշխարհով մէկ դարձան նշաւակ, քաւութեան նոխազ, վայրագ, խորշելի, ատելի… Սակայն, իրականութիւնը այդպէս չէ. արաբին հետ ապրած ու հաց կիսած մարդուն համար իրականութիւնը այդպէս չէ, այլ՝ «Ազնիւ էին Կայարանի արաբները, յարգալիր, ասպնջական ոգիով լեցուն…» , կ՛ըսէ հեղինակը յիրաւի:
Խօսելով յետ-եղեռնեան առաջին սերունդին մասին, որոնց հովանիին տակ հասակ առին հեղինակն ու իր սերնդակիցները, կ՛ըսէ. «Հայապահպանումը բնական հոլովոյթ էր, հայապահպանման պայքար չկար, պայքարի կարիք չկար: Հացապահպանման պայքար էր եւ ուսման ու կրթութեան միջոցներու ապահովում: Վերապրելու պայքարը ինքնին վրէժն իսկ էր…»:
Եւ այս մարդիկը առօրեայ սնունդի ապահովման չափ կարեւոր նկատելով իրենց զաւակներուն կրթութիւնն ու ուսումնառութիւնը, ոչինչ խնայեցին, երբեմն նոյնիսկ ի գին առօրեայ հացին:
Կան հիւմըրով համեմուած պատկերներ ալ, որոնք աւելի հաճելի կը դարձնեն ընթերցումը: Ահաւասիկ հալէպահայ երկու հակառակորդ ֆութպոլի խումբերու մրցումի մը առթիւ. «Դաշտին մէջ պաստառներ չկային: Պաստառները բանաւոր էին եւ գոյնզգոյն: Ժխոռը կը տիրէր մթնոլորտին, մանաւանդ խաղի վտանգաւոր վայրկեաններուն: Յանկարծ անկիւնէ մը ժողովրդային ալիք մը ոտքի կը բարձրանար հետեւելու ծագած կռիւի մը: Յաճախակի էին նման պղպջակներ, որոնք շուտով կը մարէին: Բարեբախտաբար արձակուած փամփուշտները Մեսրոպեան բարբառով էին, հոգին ընկճող, բայց առանց մարմնական վնաս պատճառելու»:
Գիրքի վերջին էջերուն վրայ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ»ի առաջին էջին նման փնտռտուք կայ հին ծանօթներու, բարեկամներու, ընկերներու, կարօտ եւ ափսոսանք:
«ՀՄԸՄի ակումբին դրան ներքեւի մուտքին օրն ի բուն լռակեաց դիրք բռնած կօշիկ ներկող հայրիկը: Արդեօք Էրկրի ո՞ր անկիւնէն կու գար եւ ո՞ր հերոս ֆէտայիի կողքին մասնակցած էր ազգային ազատագրական պայքարին… եւ ճակատագիրի դաժան վճռումով գամուած ակումբի այդ անկիւնը…»:
«Այդ ակումբի հիւսիսային կողմը սենեակ մը կար… աշխարհ մը գրկող գիրքերով լեցուն պահարաններով… շտեմարան մը միտքի եւ գիտութեան… եւ այդ բոլորը տունէ տուն, ընթերցողէ ընթերցող, ձեռքէ ձեռք եւ միտքէ միտք…»:
Նման շարքի մը թուարկումէն ետք, «Արդեօք ո՞ւր են» անխուսափելի հարցումը, որ յաճախանքը դարձած է կարօտայոյզ իրենց անցեալը պեղող մարդոց:
Գիրքը կը փակուի իր հօր յիշատակը սիրով ու հպարտութեամբ պահող արաբ մարդու մը արտայայտութեան որպէս տպաւորութիւն:
«Տարաբախտ հայուն փրկութեան լաստը հանդիսացող սուրիացին տէր է արժանապատուութեան: Անոր հաւատարմութիւնը ընկրկելի չէ, իսկ անոր խօսքը, կնքուած ձեռքի թօթուումով, իր պաշտօնական համաձայնագիրը»:
Զարմանալի պէտք չէ թուի, որ Հալէպին այսքան սիրով կապուած մէկը ըլլար առաջիններէն Ամերիկայի մէջ, սուրիահայութեան օգնութիւն փութացնելու համար: Մեզի կը մնայ իրեն ըսել. վարձքդ կատար ու գրիչդ անսպառ:
Հաճելի եւ նաեւ ուսանելի ընթերցանութեան արժանի գործ մը արդարեւ:
«ԱԶԳ»