
«Հալէպ… Դուն Կը Պայքարիս Հայ Կեանքի Ապերախտ Պայմաններու Դէմ՝ Ճակատաբաց»:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Աւանդութիւն է Հալէպի լոսանճելըսաբնակ ճեմարանականներու տարեկան պարահանդէսը: Եւ նոյն աւանդութիւնը յարգողի ճշդապահութեամբ եւ նոյնքան ալ սքանչելի հաւատարմութեամբ ներկայ եմ կնոջս ու մտերիմներուս հետ, իբրեւ սեղանակից:
Ինչ մեղքս պահեմ, մեկնելով կեանքի տիեզերական զաւեշտէն ու «մեծերու» քաղաքական խորհրդաւոր խաղերէն, շատեր կը կարծէին, որ Հալէպը ներկայիս կանգնած էր անյայտի մէջ, հիւանդ պառաւի նման, որովհետեւ արաբական գարունը եկած էր եւ սակայն նոյն այս գարունը «ուրիշ բան» ըլլալով իր հետ միայն դժբախտութիւն բերած էր:
Հաստատապէս իր նոր գրուելիք պատմութեան գիրքը տխուր պիտի ըլլայ եւ մանաւանդ լեցուն՝ աղմկալից անէծքներով: Բայց աւելցնեմ նաեւ, որ աշխարհի ստեղծումէն ի վեր, մարդկային բոլոր վէպերը միշտ նոյնն են եղած, իւրաքանչիւր ապրող անհատի, ազգի, ժողովուրդի համար: Ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակ: Թերեւս իրենց միջեւ միակ տարբերութիւնը՝ իրենց հատորներուն էջադրումը եղած էր: Սակայն այս մէկը ուրիշ հարց է:
Մեծ սեղանի մը շուրջ բոլորուած ենք: Նստած ենք ջերմ եւ հարազատ: Բազմաձայն աղմուկով ալեկոծ սրահը Ճեմարան եւ աւելի ճիշդ Հալէպ-Սուրիա «կը հոտէր»: Բոլորս ալ նոյն ատեն եւ միասին կը խօսէնք կարօտով, նոյնքան ալ կը խնդայինք, կը վերյիշէինք ու կը պատմէինք երկար ու բարձրաձայն, կը կատակէինք, ապա կրկին ու կրկին անգամներ անհատնում եւ առատ կենացներ կը նուիրէինք Հալէպին ու Ճեմարանին:
Հաւատացէ՛ք, ինչպէս միշտ, այդ երեկոյ ալ, մեզմէ իւրաքանչիւրը իր մէջ աշխարհ մը կշտացնելու չափ բաւարար սէր ունէր հանդէպ իր այդ տառապեալ ծննդավայրին ու իր Ճեմարանին: Նոյնիսկ շատերուս մօտ տակաւին այս երկուքին հողին ու տեսքին ջերմութիւնը մնացած էր կարօտով:
Ահա՛ թէ ինչու սրահի մթնոլորտին մէջ միշտ կը սաւառնէր հազարաձայն հեւքով մեր այդ քաղաքին տաք ու փնտռուած կարօտը: Հեքիաթային երազանքներ:
Հալէպ եւ Ճեմարան. դուք, շօշափելի, իրական եւ մշտանորոգ ու յատկապէս հեռուն մնացած երանելի իրողութիւններ:
Հիմա պարահանդէս: Անունով միայն: Հոս են գրեթէ բոլորը՝ հին ու նոր շրջանաւարտները, իրենց ամուսիններով, կիներով, ընկեր-ընկերուհիներով, ոտքի կամ նտած, որո՞ւն հոգը. էականը խօսիլն է, արատայայտուիլը, մայր գաղութէն նոր լուրեր ստանալը, հոգին ջերմացնելու միտող բառերով:
Սովորական պարահանդէս մը չէր այս մէկը: Խորքին մէջ հաւաք մը՝ ծրագրուած եւ գեղեցիկ: Մեր մտահոգ խօսակցութիւններուն գլխաւոր կորիզը մեր տառապող քաղաքն էր: Պարելէն աւելի ներկաներու բերանէն արտասանուած նախադասութիւններն էին, որոնք կը լեցնէին բոլորիս ականջները:
Բեմէն՝ իբրեւ ահազանգ կրկնուեցաւ, թէ դժբախտաբար մեր հին քաղաքին մէջ տակաւին պղտորած կը մնար հոսքը հայ կեանքին եւ նոյնիսկ դժուար էր բացատրել անոր դաշտանկարը: Հոն, տակաւին տեսանելի էր դժբախտութեան խորութիւնը: Ուստի, հաշտուելով իրականութեան հետ, պէտք էր զոհաբերել:
Այս օրերուն ո՞վ չէր գիտեր, թէ հոն հայ ըլլալը մեծ ճիգ կը պահանջէր: Հաւատք եւ գերագոյն զոհաբերութիւն: Այս մէկը կատակ չէր: Պատիւ այդ գաղութին:
Ինքնաբերաբար բոլորիս յիշատակները կարծես երազի թեւեր առած ըլլային: Մեր միտքերը անղեկ նաւակի նման սկսած էին երերալու մօտիկ եւ կամ հեռու մեր անցեալի ալիքներուն վրայ: Հաստատապէս մտովի հոն էինք: Բոլորով: Արդէն վերադարձած էինք դէպի մեզ: Հոն էինք մեր երիտասարդ կամ պատանի տարիքի խառնակ յոյսերով, շփոթ կամ առողջ միտքերով եւ ուրիշ բանով, որուն անունը կարօտ էր:
Տարիներու հեռաւորութենէն դարձեալ նոյն այդ կարօտով եւ լուսաւոր զգացումով սեղանակիցներով միասին կը յիշէինք մեր ծննդավայրը իր մանրամասնութիւններով: Անիկա մեր սիրտին մէջ էր, կարծես ըլլար ծփացող յիշատակներու ովկիանոս մը: Ճեմարանը քանդուած է. շեշտուեցաւ: Տխուր ու նոյնքան ալ վշտալի:
Լսած էինք, որ Քառասուն Մանուկ եկեղեցին մնացած էր անաղօթք եւ, իր կարգին, Նոր Գիւղն ալ մահ կը շնչէր ամէն օր: Իմացած էինք, որ հոն ապրող ու կեանքի գինով պայքարող մեր հարազատներուն աղօթքները պառկած էին փլատակներու տակ: Սարսափը տիրած էր ամէն բանի վրայ: Համայն քաղաքի մարդոց՝ լքած էին կեանքն ու մահը: Այնպէս կ՛երեւէր, թէ մեր բոլոր սրբազան առաքեալները ռումբերու տակ մահացած էին:
Կը զգայի, որ տակաւին սիրտիս մէջ կար կորսուածի մը կանչը ու այդ անուշ աղմուկին մէջ համառօրէն կը փորձէի քալել օրերուս շարանով, յաղթանակիս եւ պարտութեանս հետ:
Մինակս չեմ: Բոլորս ալ յիշողութեան նոյն աւազանին մէջ ենք: Միասին կը լողանք մտովի: Ու նման ահաւոր տեսիլքներու դիմաց՝ հաստատապէս, երբ տակն ու վրայ եղած էր անցեալս եւ բոլորիս անցեալը, տակաւին ինքզինքս լաւ կը զգամ, որովհետեւ հակառակ այս մեծ աղէտին, տակաւին մեր մայր գաղութը կը մնար համբուրելի արժէքներու տէր գաղութ մը: Նախանձելի, նոյնքան ալ օրինակելի: Հպարտանք առթող կառոյց եւ հաւաքականութիւն: Յոյս, լաւատեսութիւն, հաւատք եւ անմեղ ցանկութիւն թէեւ ցնդած ըլլալ կը թուէին, սակայն կարծես իրենց վերածնունդը կ՛ապրէին կամաց- կամաց, մեր վճառակամ որոշումներով:
Արդ, մենք ինչո՞վ բախտաւոր ենք, երբ նոյնիսկ արդարութեան դաշտը լուռ էր: Կը մտածէի, երբեմն անձայն եւ յաճախ ալ բարձրաձայն:
Ահա կեանքին հեգնանքը:
Ուշ գիշերին տուն կը վերադառնամ: Կը մտնեմ սենեակս՝ յոգնած ու մտածկոտ: Սրահէն մեկնած էի վարձքը հատուցած ուխտաւորի մը հանգստութեամբ: Միւս կողմէ սակայն, սենեակիս մէջ այս ուշ գիշերին, տակաւին Հալէպն էր, որ կ՛ապրէր, այն նոյն բոլորիս Հալէպը, որ վանդակի մէջ բանտուած սիրուն թռչնակի մը կը նմանէր, ուր ամէն օր իր վրայ արիւնահոտ զեփիւռը կը փչէր, պաշտելու աստիճան կը սիրէի:
Հալէպ: Ամէն օր կը դիտեմ քեզ: Կը հետեւիմ լուրերուդ, խօսնակներուն շրթներէն կախուած, մտահոգ աչքերուս, հոսանքէն քշուած լողորդի նման, յաճախ լռութեան եւ ձայնին տակ, մոռացութեան եւ կարօտի արցունքներով:
Կը դիտեմ քեզ երազներուս նկարներով: Գեղեցիկ եւ տգեղ յուշերով եւ նախկիններու պատմութիւններով: Ու յանկարծ կը վախնամ մինակութեանս խճողումէն եւ խճողումի մինակութենէն: Ու միտքս կը լեցուի եւ հոգիս կը ջերմանայ:
Սէրը կեանքի պայքարն է ու զոհաբերութիւնը, կը կրկնեմ: Համակրանքի, պարտակատարութեան, նուիրումի ու զոհողութեան բոլոր գործերը սէրէն կը ծնին:
Սիրել, ապրիլ, տառապիլ… ահա ամբողջութիւնը մեր կեանքին: Այս բոլորը սորված էինք այդ քաղաքին մէջ:
Հալէպ, պատմութեանդ մռայլ հրապարակներուն վրայ, երբ տակաւին կը շարունակուի «աստուածներու» կատակը, երբ տակաւին ատելութիւն, ջարդ, աւերակ կանգ չեն առած, երբ ամէն օր փլող կեանքեր կան, դուն կը պայքարիս հայ կեանքի ապերախտ պայմաններուն դէմ՝ ճակատաբաց: Ահա մեր սիրտն ու հոգին ջերմացնող գաղտնի դեղատոմսը, որմէ շատ մը ազգեր զրկուած են: