
ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ֆրանսայի մէջ 17 զոհ պատճառած եռօրեայ ահաբեկչական յարձակումներէն ետք, մօտաւորապէս 2 միլիոն ֆրանսացիներ Յունուար 11ին, Փարիզի մէջ մասնակցեցան միասնականութեան քայլարշաւի մը: Քայլարշաւին մասնակցեցան աշխարհի աւելի քան 50 ղեկավարներ, որոնք քալեցին թեւ-թեւի՝ իբրեւ միասնականութեան ցուցանիշ:
Քայլարշաւին մասնակից օտար ղեկավարներուն շարքին էին Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ վարչապետները, ինչպէս նաեւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս: Մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:
Մասնակիցները բացագանչեցին «Ազատութիւն» եւ «Շարլի», ոմանք Ֆրանսայի դրօշը բարձրացուցած էին, իսկ ուրիշներ մեծ մատիտ մը, որուն կողքին գրուած էր. «Չեմ վախնար»: «Ես Շարլին եմ» կարգախօսը տիրական էր:
Նման քայլարշաւներ տեղի ունեցան Լոնտոնի, Մատրիտի, Գահիրէի, Սիտնիի, Թոքիոյի, Պէյրութի եւ այլ քաղաքներու մէջ:
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ քայլարշաւէն առաջ յայտարարեց. «Փարիզը այսօր աշխարհի մայրաքաղաքն է։ Ամբողջ երկիրը ոտքի պիտի կանգնի»:
Նշենք, որ մինչ Ֆրանսայի ոստիկանութիւնը հիւսիսային Ֆրանսայի մէջ Յունուար 9ին պաշարած էր «Շարլի Հեպտօ» շաբաթաթերթին մէջ կատարուած սպանդին հարցով կասկածելիները, այլ զինեալ մը Փարիզի մէջ հրէական կերակուրներ ծախող խանութի մը մէջ պատանդներ բռնեց:
Փարիզէն 35 քիլոմեթր հիւսիսարեւելք գտնուող շրջանի մը մէջ, կասկածելիները եւս պատանդներ բռնած էին:
Աւելի ուշ, ոստիկանութիւնը երկու վայրերն ալ ներխուժեց՝ սպաննելով պատանդներ բռնած երեք զինեալները: Ոստիկանութեան ներխուժումէն առաջ, հրէական խանութին մէջ չորս պատանդներ սպաննուեցան, իսկ չորս այլ պատանդներ գործողութեան ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուեցան եւ 15 ուրիշներ փրկուեցան: Գործողութեանց ընթացքին երկու ոստիկաններ վիրաւորուեցան:
Պաշտօնատար մը յայտնեց, որ «Շարլի Հեպտօ»ի վրայ յարձակումը իրագործած երկու եղբայրներէն մէկը «քանի մը ամիս» Եմէնի մէջ «Քայիտա»ի մէկ ճամբարին մէջ մարզուած է:
Նաեւ, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու յայտնեց, որ վերոնշեալ քայլարշաւին իր երկիրին մասնակցութիւնը իսլամներուն կողմէ ահաբեկչութեան դէմ պատգամ մըն է, մինչ Ֆրանսայի իսլամական գլխաւոր համադաշնակցութիւնը ֆրանսական 2300 մզկիթներու իմամներուն կոչ ուղղեցին «առաւելագոյն խստութեամբ դատապարտելու բռնարարքը եւ ահաբեկչութիւնը»:
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարար Էրիք Հոլտըր յայտարարեց, որ իր երկիրը Փետրուար 18ին պիտի հիւրընկալէ վեհաժողով մը՝ քննարկելու համար աշխարհի վրայ ծայրայեղականութեան դէմ պայքարելու կարելիութիւնները, Փարիզի մէջ յարձակումներուն լոյսին տակ։