ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Լրագրողներու պաշտպանութեան յանձնախումբը հրապարակած է ամենամեծ թիւով բանտարկուած լրագրողներ ունեցող երկիրներու ցանկը, որուն մէջ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա նշուած են առաջին տասնեակին մէջ:
2014ին, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ 220 լրագրողներ բանտարկուած են: 2013ի համեմատ, 2014ին ձերբակալուած լրագրողներուն թիւը 9ով աւելցած է:
Ամենամեծ թիւով բանտարկուած լրագրողներ ունեցող երկիրներու առաջին տասնեակին մէջ կան նաեւ Չինաստանը, Էրիթրիան, Եթովպիան, Իրանը, Վիեթնամը, Սուրիան, Եգիպտոսը եւ Պուրման (Միանմար):
Զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ ներկայիս Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ կան առնուազն 9 լրագրողներ, սակայն Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը պնդեն, որ երկրին մէջ ոեւէ լրագրող բանտարկուած չէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.