Զոյգ պայթումները պատճառեցին առնուազն 11 զոհ եւ վիրաւորեցին աւելի քան 40 ուրիշներ:
Լիբանանեան բանակը հաղորդեց, որ պայթումներուն շուրջ բացուած հետաքննութեան համաձայն, անձնասպանական գործողութիւններուն հեղինակներն են Թահա Խայեալ եւ Պիլալ Իպրահիմ, որոնք իրենց վրայ կը կրէին պայթուցիկներ:
Ահաբեկչական այս գործողութիւններէն քանի մը ժամ ետք «Ճապհաթ Նուսրա»ն ստանձնեց պատասխանատուութիւնը այդ գործողութիւններուն, որոնք գործուած էին Ազգային ժողովրդավարական կուսակցութեան պատկանող սրճարաններէն մէկուն մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.