ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ժառանգութիւն կուսակցութեան նախագահ Րաֆֆի Յովհաննէսեան 22-23 Յունուարին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) Քաղաքական համաժողովին ներկայացուցած է իր մշակած «Հայոց Ցեղասպանութիւնը, թուրքական պատասխանատուութիւնը եւ եւրոպական արժէքները» պաշտօնական բանաձեւի նախագիծը, որուն քննարկումը յետաձգուած է մինչեւ Մարտ՝ ԵԺԿ յաջորդ համաժողով:
«Ժառանգութեան» լրատու ծառայութեան համաձայն՝ Յովհաննէսեան յայտարարած է, որ Երեւան վերադառնալուն պէս պիտի վերամշակէ եւ համալրէ բանաձեւի առաջարկի եւ որոշման այն մանրամասնութիւնները, որոնք այժմ չեն ընդունուիր կամ չեն դրուիր քուէարկութեան:
Բանաձեւի նախագիծին մէջ ԵԺԿն, ի շարս այլ հարցերու, կը վերահաստատէ հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան եւ մեծ հայրենազրկման ճանաչումն ու դատապարտումը՝ 24 Ապրիլ 2015ի հարիւրամեակի նախօրէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.