Այս հանգրուանին, աւելի քան 80 ազատամարտիկներ եւ անոնց ընտանեական պարագաները օժանդակութիւններ ստացած են՝ շնորհիւ համայնքին, նուիրատուներուն, համակիրներուն եւ ՀԵԴի զանազան ուխտերու ցուցաբերած աջակցութեան։
ՀԵԴի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ 2012ն «Ազատամարտիկի տարի» հռչակուած էր՝ խթան հանդիսանալով վերոյիշեալ արշաւին, որուն առաջին հանգրուանին նպատակն էր ազատամարտիկներուն բժշկական խնամք ապահովելը:
Այս նպատակը իրագործելու համար, կազմակերպուեցան դրամահաւաքի շարք մը ձեռնարկներ, իսկ Երեւանի բժշկական կեդրոնին մէջ իրականացուած բուժումներուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցուեցան համայնքին եւ Հայաստանի մէջ այդ մասին հաղորդումներ պատրաստուեցան «Երկիր Մեդիա»ի կողմէ։
«Հսկայ զոհողութիւններով Արցախի ազատագրումը ապահոված ազատամարտիկներուն մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու առիթ հանդիսացած այս արշաւը կրցաւ նաեւ լուսարձակի տակ առնել անոնց պատմութիւնը, որուն ծանօթացաւ մեր համայնքը, յատկապէս՝ երիտասարդութիւնը եւ անոնք, որոնք ծնած են Արցախի ազատագրումէն ետք», կը յայտնէ «Մեր զինուորներուն հետ» արշաւի ատենապետ Դաւիթ Առաքելեան։
«ՀԵԴի համար յոյժ կարեւոր էր մեր ազատամարտիկներուն գործնականապէս ցոյց տալ, թէ մենք իրենց եւ Արցախի կողքին կը մնանք այս ճակատագրական օրերուն, երբ Ատրպէյճան կը շարունակէ իր յարձակումները եւ սպառնալիքները», կ՛ըսէ «Մեր զինուորներուն հետ» արշաւի անդամներէն Գասպար Ճիւէլէկեան։
ՀԵԴն պատրաստած է «Մեր զինուորներուն հետ» արշաւի գործունէութիւնը մանրամասնող տեղեկագիր մը, որմէ օրինակ ստանալ փափաքողները կրնան դիմել (818) 507-1933 թիւին։
Արշաւին երկրորդ հանգրուանը, որուն գործադրութիւնը պիտի սկսի այս տարուան վերջաւորութեան, պիտի կեդրոնանայ հայկական զինուորական ուժերու ներկայ կամ հանգստեան կոչուած զինուորներուն եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն օժանդակութեան ձեռք երկարելու ջանքերուն վրայ։
«Մեր զինուորներուն հետ» արշաւին նեցուկ կանգնելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.WithOurSoldiers.com կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.