ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ահա թեւակոխած ենք արդէն 100ամեակի տարին ու խոր վերլուծումի կամ յայտնատեսութեան կարիքը չկայ՝ անդրադառնալու եւ խոստովանելու համար, որ անցեալի պահանջատիրական մեր ընթացիկ ու ընկալեալ ելոյթները առաւել շուքով եւ հնչեղութեամբ յառաջ մղելէ անդին չենք կրնար անցնիլ.- Բռնագրաւեալ Մեր Հողերուն եւ Քաղաքական արդար Հատուցման հասնելու ճամբան տակաւին երկար է ու քարքարոտ։
Անշուշտ մեծ յոյսեր եւ ակնկալութիւններ սնուցանելու որեւէ հիմք չունէինք երէկ, երբ Մեծ Եղեռնի 100ամեակը ըստ արժանւոյն ոգեկոչելու հրամայականը կը շեշտէինք աջէն թէ ձախէն, Հայաստանէն թէ Սփիւռքէն։
Բայց ազգային մեր բնաւորութեան մղումով՝ վերջին քանի մը տարիներուն պարզապէս թափ տուինք բացառիկ նուաճում մը արձանագրելու մեր զեղուն սպասումներուն, մինչեւ որ հասանք հոս ու կանգ առինք իրատեսութեամբ եւ շրջահայեցութեամբ մեր քայլերը կշռադատելու, ըստ այնմ առջեւ նետելու հրամայականին առջեւ։
Այսինքն՝ հայ ժողովուրդի բնաջնջումով Հայկական Հարցը թաղելու Թուրքիոյ պետականօրէն ծրագրած ու գործադրած ցեղասպանական Մեծ Ոճիրէն հարիւր տարի ետք, դեռ տիրացած չենք թրքական պետութիւնը դատաստանի առջեւ կանգնեցնելու Ուժին։
Ընդհակառակն՝ ցեղասպան թրքական պետութիւնը մէկդարեայ այս ժամանակաշրջանին աւելիով կարծրացուցած, նաեւ՝ դիւանագիտականօրէն գեր-արդիական զէնքերով ամրապնդած է Ուրացման իր քաղաքականութիւնը։ Այն աստիճան, որ 24 Ապրիլ 2015ի օրը, Երեւանի ոգեկոչած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին հակադրաբար՝ Անգարա կը տօնէ այսպէս կոչուած Կալիփոլիի Յաղթանակին… 100ամեակը։
Փաստօրէն տակաւին կը գտնուինք մեր շարքերը համախմբելու, ազգային միասնականութեան մեր ճակատը ամրապնդելու եւ հաւաքական ուժի մեր պաշարները լիարժէք զօրաշարժի մէջ դնելու գօտեպրկման հանգրուանին։
Այսուհանդերձ իրատեսութեամբ պէտք է ընդունինք, որ Ազգային Հզօրանք առաջացնելու ուղղութեամբ յառաջխաղացք արձանագրած ենք եւ պէտք է գոհ ըլլանք ատոր համար։
Յառաջխաղացքը կրնայ մեր սպասած թափն ու տարողութիւնը չունենալ, բայց Փոքր Ածուի մեր կարողականութեան եւ մեզ շրջապատող միջավայրի պայմաններուն համեմատ՝ նաեւ արհամարհելի չէ անոր արդիւնաւէտութիւնը։
Եթէ յաղթահարենք ազգային մեր հոգեխառնութեան մէջ ծուարած մեծամտութիւնը եւ մեր ոտքերը կարենանք երկարել մեր վերմակի չափին համաձայն, ապա ի վիճակի պիտի ըլլանք ճիշդ գնահատելու ինչպէս հայութեան, այնպէս եւ թրքութեան ուժին ու տկարութեան կէտերը եւ, ըստ այնմ, Հայ Դատի պայքարը յառաջ մղելու։
Մեծ «եթէ» է ատիկա, որովհետեւ դեռ ի վիճակի չենք խոստովանելու մեր սահմանափակումները, խարխափումները եւ մինչեւ իսկ վրիպումները։ Այն աստիճան, որ չենք փորձեր բաց աչքով նայիլ եւ տեսնել, թէ նոյնիսկ 100ամեակի կարեւորագոյն ձեռքբերումը՝ Համահայկական Հռչակագիրով ամրագրուած Հայ Դատի պետական պահանջատիրութեան նուաճումը, ըստ ամենայնի, զերծ չէ դեդեւումներէ եւ… խութերէ։
Այո՛, ճիշդ է, հայ ժողովուրդի հաշւոյն աննախադէպ նուաճում է, որ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու աշխարհասփիւռ հայութիւնը միասնաբար, պատմականօրէն առաջին անգամ ըլլալով, պետական քաղաքականութեան մակարդակին բարձրացուցած են Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը։
Բայց նոյնպէս ճիշդ է, որ 100ամեակի Հռչակագիրով ամրագրուած Հայ Դատի միասնական պահանջատիրութիւնը, նոյնինքն պետական քաղաքականութեան մակարդակին բարձրանալու համար, կը խուսափի հողային եւ քաղաքական իրաւունքներու արդար վերականգնման ու հատուցման ուղղակի պահանջներէն։
Թերեւս 21րդ դարուն դիւանագիտականօրէն արտօնուած չէ, որ պետութիւն մը հողային ու քաղաքական պահանջներ ներկայացնէ ուրիշ պետութեան մը, նոյնիսկ եթէ այս վերջինը ցեղասպանութեան նման ծանրագոյն ոճիր մը գործած է։
Թերեւս 100ամեակի Յուշագիրը դիւանագիտութիւն կը փորձէ եւ չ՛ուզեր մինչեւ վերջ անկեղծ ըլլալ Հայ Դատի պահանջատիրութեան մէջ՝ բաւարարուելով «Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարում»ը պահանջող բանաձեւումով։
Հարցը այն է, որ նման դիւանագիտական տարազումով՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման համահայկական, այլեւ պետական պահանջատիրութիւնը փաստօրէն կը զրկուի քաղաքական հնչեղութենէ։
Մինչդեռ թրքական պետութիւնը հետեւողականօրէն ոչ միայն կ՛ուրանայ հայ ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն գործած ըլլալու անհերքելի ճշմարտութիւնը, այլեւ՝ չի յոգնիր կրկնելէ, թէ հայկական կողմը կը քաղաքականացնէ այսպէս ըսուած պատմաբաններու վճռահատումին սպասող… «ցաւալի եւ ողբերգական» հարցը։
Միայն 100ամեակի Հռչակագրին բովանդակութեան կամ տարազումին առնչուած չեն այսօրուան մեր ազգային միասնականութեան դիմագրաւած խութերը։
Այսօր բարձրաձայն չի խօսուիր, բայց ոչ ոքի ուշադրութենէն կը վրիպի, որ Հայաստանի ներ-քաղաքական դաշտը զբաղեցնող հիմնական ուժերը լիարժէք ներկայացուած չեն 100ամեակի Համահայկական Կեդրոնական յանձնաժողովին մէջ, ոչ ալ համապատասխան ներդրում ունեցած են Յունուար 29ի Հռչակագիրին մէջ։
Հռչակագիրին վերաբերեալ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հրապարակած վերապահութիւններն ու քննադատութիւնները տարբեր բանի վկայութիւնը չեն…
Հաւանաբար պէտք չէ բացառել, որ պետական իշխանութեանց ղեկին չգտնուող ուժերը իրե՛նք չեն ուզեր «գլխացաւանք»ի մէջ իյնալ՝ Հայ Դատի պետական պահանջատիրութեան «ծանր բեռ»ը իրենց կարգին շալկելով։
Նաեւ բացառուած չէ, որ Հայաստանի իշխանութեան ղեկին չգտնուող գլխաւոր ուժերէն ոմանք հեռու կը պահուին ազգային միասնականութեան համահայկական ճամբարէն, որպէսզի հայաստանեան հասարակութիւնը երկփեղկող խոր տարակարծութիւնները դրսեւորման հող չունենան Հայ Դատի պետական պահանջատիրութեան ճակատին վրայ։
Ինչ որ ալ ըլլայ հիմնաւոր բացատրութիւնը, պէտք չէ անտեսել ու թերագնահատել այն փաստը, որ ի տարբերութիւն Սփիւռքին՝ Հայաստանը լիարժէք ներկայացուած չէ Հայ Դատի ազգային եւ պետական պահանջատիրութեան միասնական ամրագրման 100ամեակի երթին մէջ։
Մանաւանդ որ իր վերանկախացումէն 25 տարի ետք, Հայաստան տակաւին պատանդ կը մնայ կառավարման խաթարուած համակարգի մը ձեռքը։ Համակարգ մը՝ որ իշխանութեան ագարակի վերածած է հայոց պետական տունը։
Ի վերջոյ սեփական ժողովուրդէն կտրուած իշխանութիւն մը որքանո՞վ կրնայ լիարժէք ներկայացնել հայրենի հասարակութիւնը, յատկապէս Հայ Դատի պահանջատիրութեան ճակատին վրայ։
Սերժ Սարգսեան-Գագիկ Ծառուկեան վերջին «աքլորամարտ»ը բարացուցական, այլեւ ախտանշական նշանակութիւն ունի այս առումով։