Գամիշլիի մէջ Շաբաթ, 21 Փետրուարի երեկոյեան, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման մեկնարկի պաշտօնական բացումը՝ հոգեհանգիստեան արարողութեամբ: Ապա ընթերցուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Հռչակագիրը (հայերէնով եւ արաբերէնով) եւ Ճեզիրէի կեդրոնական յանձնախումբի յայտարարութիւնը:
Փառէն Ծ. վրդ. Վարդանեանի առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ պատին դրուած Ցեղասպանութեան նուիրուած պաստառի բացումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.