ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Ներկայ դարուն, հաղորդակցութեան միջոցներու սրընթաց զարգացումին զուգահեռ, կը զարգանայ նաեւ քարոզչութեան բնագաւառը: Նկատելի է, որ այս աշխարհէն ներս, շեշտը կը դրուի բառերուն ունեցած արժէքին եւ ուժին վրայ: Բառերուն նկատմամբ բծախնդիր մօտեցում ցուցաբերող կողմը կրնայ իրեն համար նպաստաւոր կարծիք, տրամադրութիւն եւ հետեւաբար նաեւ՝ կեցուածք ստեղծել: Գիւտ չէ մեր ըրածը:
Տանք մէկ-երկու օրինակներ:
Սուրիոյ տագնապին մասին Արեւմուտքի մէջ կատարուող լրատուութիւնը կամ վերլուծումները բոլորն ալ հիմնուած են հետեւեալ բանալի բառերուն վրայ. «Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմ»: Ընթերցողը, կամ ունկնդիրը երբ կը լսէ «քաղաքացիական պատերազմ» բառերը, անմիջապէս կը հասկնայ կացութիւն մը, ուր երկիր մը կամ ժողովուրդ մը երկփեղկուած է այն աստիճան, որ զէնք վերցուցած են իրարու դէմ՝ կոկորդ կոկորդի:
Սակայն աղաղակող իրականութիւնը այն է, որ Սուրիոյ դէմ պատերազմ կը մղուի արտաքին ուժերու կողմէ եւ բազմաթիւ երկիրներ, այս կամ այն չափով մասնակից են այդ պատերազմին: Այս մասնակիցներու շարքին են Արեւմուտքի «մեծերը», Սէուտական Արաբիան, Քաթարը եւ անշուշտ՝ Թուրքիան: Օպամայի վարչակարգը բազմաթիւ անգամներ կրկնած է, նոյնինքն նախագահին մակարդակով, որ Սուրիոյ նախագահը պէտք է հեռանայ: Երկուքուկէս տարի առաջ, Օպամայի վերընտրութեան ընտրապայքարի հեռատեսիլային բանավէճի մը ընթացքին, փոխնախագահ Ճօ Պայտըն բացէ ի բաց յայտարարեց, թէ Ուաշինկթընի նպատակը Սուրիոյ մէջ «մեզի բարեկամ վարչակարգ» մը հաստատելն է: Այսինքն, մեր գիտցած պարզ հայերէնով՝ Ասատի վարչակարգը տապալել: Բառերը ուժ ունին:
Բայց տրուած ըլլալով, որ աշխարհը հաշտ աչքով կրնար չդիտել Արեւմտեան յարձակում մը Սուրիոյ դէմ, ընտրուած է մոլորեցնող յատուկ բառապաշար՝ «քաղաքացիական պատերազմ»:
Երկրորդ օրինակը Եգիպտոսն է: Անցնող տարուան ընթացքին էր, որ Եգիպտոսի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած նախագահ Մուհամմատ Մուրսիի դէմ «ափ-աշկարա» պետական հարուած կատարուեցաւ բանակի հրամանատար Ապտէլ Ֆաթթահ Սիսիի կողմէ (այժմու նախագահ): Եւ տրուած ըլլալով, որ բառերը ուժ ունին, Արեւմուտքը եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներ, ՈՉ ՄԷԿ ԱՏԵՆ գործածեցին «պետական հարուած» բառերը: Պատճա՞ռը. չէին ուզեր իրենց համար նպաստաւոր անձի մը իշխանութեան գալը բնութագրել ժխտական եւ հակաօրինական իմաստ ունեցող բառապաշարով: Մանաւանդ որ Մուրսի ընտրուած էր համաժողովրդային քուէի իբրեւ արդիւնք: Այսինքն, այն գործընթացով ու արժէքային համակարգով, որ նոյնինքն Արեւմուտքին համար «սրբութիւն սրբոց» կը համարուի (իբրեւ թէ):
Երրորդ օրինակը (եւ կու գանք այսօրուան ԲՈՒՆ հարցին):
Յաճախ կարդացած ենք հայկական մամուլին մէջ, որ խումբ մը հայեր ծրագրած են այցելել (կամ այցելած են) «պատմական Հայաստան»՝ ակնարկելով Կարսին, Անիին, Վանին եւայլն: Այս իմաստով ալ, մամուլին մէջ բազմիցս հանդիպած ենք դէպի «պատմական Հայաստան» կատարուած ճամբորդական տպաւորութիւններու եւայլն: Մինչդեռ, մարդիկ այցելած են Հայաստան հայրենիքին այն հատուածը, որ այսօր կը մնայ հայութենէն բռնագրաւուած եւ որուն մէկ կարեւոր մասով միջազգային օրէնքը իր ըսելիքը ունի (Սեւրի դաշնագիր եւ Ուիլսընեան Իրաւարար վճիռ):
Խնդիր ունինք հոս: Երբ «պատմական» բառը կը գործածենք, կը հասկնանք պատմութեան խորերը թաղուած, միմիայն անցեալին առնչուող եւ ներկայի արժէքային համակարգին հետ կապը կտրուած հասկացութիւն մը: Հասկացութիւն մը, որ քաղաքական առումով առնչուած չէ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն վերատիրացման պայքարին: Այսինքն մեր ներկային:
«Պատմական» բառը այս պարագային մեր մէջ կը սրսկէ պարտուողական հոգեբանութիւն մը, որուն հետեւողութեամբ կրնանք «արդարօրէն» մենք մեզ պարտութեան մատնել հետեւեալ օրինակով.
Իտալիոյ պետութիւնը ծիծաղելի կը դառնայ, եթէ ուզէ իրեն կցել ամբողջ Միջերկրական ծովուն աւազանը, հիւսիսային Ափրիկէով, միւս կողմէն հասնելու համար Սկովտիոյ սահմանը (Ադրիանոսի պարիսպը), այն «հիմնաւորումով», որ այս տարածաշրջանները «պատմական» Հռոմէական կայսրութեան մաս կազմած են… Է եղա՞ւ:
Հետեւաբար, ամէն անգամ, որ ներկայ ժամանակային իմաստով ակնարկութիւն կը կատարուի Վանին, Մուշին կամ Կարսին, մեր բառապաշարէն միանգամընդմիշտ պէտք է վանել «պատմական Հայաստան» եզրը, որովհետեւ վնասակար է: Փոխարէնը, վիճարկումի կարգով, պէտք է գործածել «Ուիլսընեան Հայաստան», Արեւմտեան Հայաստան, կամ «գրաւեալ Հայաստան»: Որովհետեւ բառերը ուժ ունին:
Մարտ 4, 2015
vproodian@gmail.com