
ԱՆԳԱՐԱ, «Նիուզ».- Պոլսոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող «գիտաժողով»ի մը ընթացքին, Պողազիչի համալսարանի խումբ մը ուսանողներ մուտք գործած են սրահ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման դէմ ցուցադրականօրէն բողոքած են:
Թրքական «Էթա» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Աթաթիւրքի գաղափարներու ակումբ» կոչուած խմբակի մը կողմէ կազմակերպուած է «Տեղահանութեան 100րդ տարին» խորագիրը կրող եւ Ցեղասպանութիւնը ժխտող ձեռնարկ մը:
Պողազիչի համալսարանի խումբ մը ուսանողներ, տեղեկանալով այս ձեռնարկին մասին՝ հաւաքուած եւ միասնաբար ներխուժած են սրահ, ուր հանդէս եկած են յայտարարութեամբ մը:
Յայտարարութեան մէջ ուսանողները շեշտած են, որ 100 տարի առաջ Մալաթիոյ, Կայսերիի, Քոնիայի, Մարտինի մէջ եւ այլուր հայ ժողովուրդը Սուրբ Ծնունդ կը նշէր, իսկ այժմ 4 հազար տարի այդ հողերուն վրայ ապրող ազգը այլեւս չկայ: Յայտարարութենէն, ետք ուսանողները վանկարկած են «Տեղահանութիւն չէ՛, ցեղասպանութի՛ւն է» ու «Առերեսուեցէ՛ք Հրանդի հետ, Ցեղասպանութեան հետ» կարգախօսները եւ հեռացած։
Պէտք ենք քաջալերել այդպիսի շարժումները և թիկունք կանգնինք: Ապրին այդ քաջերը որոնք համարձակած են գլուխ ցցել ժխտողներու խմբակին: