Մ. Լ.
Ձեռնարկին սկիզբը Սեդա Սէրէնկիւլեան իր բացման խօսքին մէջ ըսելէ ետք, թէ Իվ Թերնոն յարգելի պատճառներով բացակայ պիտի ըլլայ, տեղեկութիւններ փոխանցեց Դաշնակցութեան ընտանիքի յետագայ ծրագիրներուն մասին, որոնք կլոր սեղաններու, ֆիլմերու ցուցադրութեան, բանախօսութեանց կամ ցուցահանդէսներու միջոցաւ պիտի ներկայացուին հանրութեան ամբողջ այս տարուան ընթացքին եւ անկէ ետք, ի խնդիր մեր արդար իրաւունքներու վերականգնման, Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման: Ս. Սէրէնկիւլեան այնուհետեւ ներկայացուց սրահին մէջ գտնուող եւ իր ընկերներով շրջապատուած նորսերունդականը, որ քանի մը օր առաջ «արիւն» խորհրդանշող գունաւոր հիւթ սրսկած էր թուրք դեսպանին վրայ: Ան ըսաւ, թէ երիտասարդը 48 ժամ ոստիկանատան մէջ հարցաքննուելէ ետք ազատ արձակուած է եւ յառաջիկայ Սեպտեմբերին պիտի կայանայ դատավարութիւնը: «Կը յուսանք, որ երիտասարդը կ՛արժանանայ ժողովուրդի զօրակցութեան», եզրափակեց Ս. Սէրէնկիւլեան՝ բեմ հրաւիրելով բանախօսը:
Ռ. Գէորգեան յայտնեց, թէ 100ամեակին առիթով ցարդ շուրջ 35 գիրք հրատարակուած է զանազան բովանդակութեամբ՝ պատմութիւն, գրականութիւն, թարգմանութիւն եւ այլն: Այս առումով հրատարակչական դաշտին մէջ նկատելի նման աշխուժութիւն մը ողջունելի է, հակառակ անոր, որ վստահաբար այսօրուան քաղաքական պայմանները դիւրացուցած են այսպիսի աշխատանք մը: Ինչ կը վերաբերի արխիւները ուսումնասիրելու եւ հետազօտելու իր՝ որպէս պատմաբանի մասնագիտութեան, ինք կրնայ ըսել, թէ վերջին տասը տարիներուն ընթացքին այս ուղղութեամբ մեծ յառաջդիմութիւն մը արձանագրուած է եւ տակաւին չպեղուած կալուածներ կը բացուին մեր առջեւ, ինչպէս օրինակ Գերմանիոյ մէջ, վերջերս երիտասարդ պրպտողներու ուսումնասիրութեան արդիւնքով ի յայտ կու գայ, թէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ շուրջ 17 հազար գերմանացի զինուորականներ պաշտօնի վրայ եղած են, բայց անոնք մեծ ուշադրութիւն չեն դարձուցած կովկասեան ճակատին եւ թերեւս պատճառը այն էր, որ այդ գիծին վրայ վկաներու մեծաթիւ ներկայութիւնը ձեռնտու չէր այդ օրուան հրամանատարներուն: Գերմանիոյ մէջ հայերու նկատմամբ օսմանական բռնութիւնները «կ՛արդարացուին», յայտարարելով, թէ ատիկա փոքրամասնութեանց հարցը լուծելու նպատակով եղած է: Եւ ինչպէս գիտենք, յետագային նոյն օրինակը որդեգրեցին Գերմանացիները իրենց երկրին մէջ: Քսան տարի առաջ Վահագն Տատրեան հատոր մը հրապարակելով, Ցեղասպանութեան մէջ նաեւ Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը կը մատնանշէր, ինչ որ արդար է այն իմաստով, որ Գերմանիան միակ գերտէրութիւնն էր, որ կրնար դադրեցնել սպանդը, բայց չըրաւ այդ մէկը: Այս բոլորը վստահաբար յառաջիկային վիճարկումի դուռ պիտի բանան, սակայն մէկ բան յստակ է, որ եթէ չըլլար Ա. Աշխարհամարտի Ցեղասպանութիւնը տեղի պիտի չունենար Բ. Աշխարհամարտին կատարուածը:
Պատմաբանը անդրադարձաւ նաեւ իրաւաբանական մարզէն ներս կատարուած աշխատանքի կարեւորութեան՝ ըսելով, թէ պէտք է դատապարտել ոչ միայն պատերազմի ոճրագործները, այլեւ անոնք, որոնք 1915ի ընթացքին պարզ քաղաքացիները աքսորեցին, ջարդի ենթարկեցին եւ անոնց ունեցուածքը իւրացուցին: Ան ըսաւ, թէ 1919-21ին ամերիկացի, անգլիացի եւ ֆրանսացի բազմաթիւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ պաշտօնի վրայ էին, սակայն ի վիճակի չեղան պատասխանատուութիւն ստանձնելով, միջազգային արդարադատութիւն ապահովելու եւ այդ պատճառով ալ պախարակելի են: «Յառաջիկայ տարիներուն մենք պիտի փորձենք միջազգային հետազօտողներու եւ պատմաբաններու ուշադրութիւնը հրաւիրել յատկապէս այս հարցին վրայ», ըսաւ բանախօսը:
Ռ. Գէորգեան յատկապէս շեշտեց, որ եթէ չըլլար պատերազմը, տեղի չէր ունենար նաեւ Ցեղասպանութիւնը, իսկ բուն յանցաւորները, ընդհանրապէս բոլոր ցեղասպանութիւններու պարագային, ամբողջատիրական կարգերով իշխող կուսակցութիւններն են, որոնց հրամանները կը գործադրէ բանակը: Այդպէս էր նաեւ 1915ի օրերուն, երբ երիտ- թուրքերն էին, որոնք կը գործէին ջարդն ու բռնութիւնները:
Պատմաբանը իր արխիւային աշխատանքը կեդրոնացուցած է մեծ մասամբ վկայութիւններու վրայ, մասնաւորաբար 1917-1920ի ընթացքին: Անոնցմէ ի յայտ կու գայ, թէ ինչպէս բնաջնջման նպատակով երիտթուրքերը հայերէ կազմուած առաւելագոյնը 5000 հոգինոց խումբերը դէպի կեդրոնացման ճամբարներ կ՛առաջնորդէին եւ ճամբու ընթացքին զանոնք կիրճերու մէջ կը հաւաքէին ու սպանդի կ՛ենթարկէին: Եւ այս խումբերէն փրկուածներն ալ, որոնք կրցան հասնիլ մինչեւ Սուրիոյ անապատները՝ Տէր Զօր եւ Մարքատէ, ըստ ոճիրը գործադրողներուն՝ պէտք էր «հալէին» կիզիչ արեւուն տակ… Եւ եթէ անոնք կրցան այդ դաժան պայմաններուն մէջ 5-6 ամիս գոյատեւել, ատիկա պարզապէս Պոլսոյ պատրիարքին շնորհիւ էր, որ նախքան իր աքսորուիլը (Յուլիս 1916ին) պատրիարքարանին պատկանող բոլոր նիւթական միջոցները (օտար դրամատուներուն մէջ պահ դրուած) կրցաւ հասցնել Սուրիա՝ սովէ փրկելով ու ապահովելով տարագիրներու վերապրումը: Իսկ այդ գործին մէջ պատրիարքին օգտակար հանդիսացած են շրջանին մէջ պաշտօնավարող եւ ականատես օտար հիւպատոսները, որոնցմէ յատուկ յիշատակութեան արժանի է Հալէպի մէջ Ամերիկայի հիւպատոս Ճեսի Ճեքսընի անունը, որուն իր կարգին օժանդակած է շրջանի Գերմանիոյ հիւպատոսը: Անշուշտ հայանպաստ այս գործը կատարուած է գաղտնօրէն, քանի որ դիւանագէտները խիստ հսկողութեան տակ կը գտնուէին:
Հետաքրքրական է այս հատորին մէջ տեղ գտած քարտէսագրութիւնը, ուր նշուած են տեղահանութեան ու ջարդի ենթարկուած հայերուն ապրած բնակավայրերը. «Անշուշտ, անկարելի էր բոլոր անուններուն տեղ տալ», ըսաւ Ռ. Գէորգեան:
Բնականաբար թղթակցութեան մը սահմաններուն մէջ կարելի չէ անդրադառնալ այս հաստափոր հատորին մէջ տեղ գտած բոլոր նիւթերուն: Կը մնայ կարդալ եւ տեղեկանալ:
Հարցում-պատասխանի բաժինէն ետք փրոֆ. Գէորգեան մակագրեց իր հատորները:
Հոս կ՛ուզենք նշել նկատառելի երեւոյթ մը, որ յատուկ չէ միայն այս ձեռնարկին: Դժբախտաբար մեր կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու կողմէ հրամցուած հաւաքոյթներուն բացակայ է մեր Մեծասքանչը եւ ասիկա նոյնիսկ այն պարագային երբ լսարանը հայախօս է: Նիւթերուն ներկայացումը, հարցադրումներն ու պատասխանները կ՛ըլլան բացառաբար ֆրանսերէնով: