ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կլենտէյլի մէջ գործող դաշնակցական կոմիտէութիւնը, գրող, ազգային գործիչ Աւետիս Ահարոնեանի ի պատիւ, կը կրէ անոր ազգանունը: Այս Շաբաթ երեկոյեան, «Ահարոնեան» կոմիտէութիւնը ճաշկերոյթով մը պիտի նշէ իր գործունէութեան քառասնամեակը: Այդ երեկոյ, կոմիտէութիւնը արդար հպարտութեամբ հանրութեան պիտի ներկայացնէ իր չորս տասնամեակին ընթացքին իրագործած ծրագիրները եւ պիտի պատուէ իր շարքերէն չորս անդամներ՝ Լուսին Մելիքեան, Արա Մարտիրոսեան, Անդրանիկ Պետրոսեան եւ Արիս Մուրատեան, որոնք կոմիտէութեան հիմնադրութեան օրէն իսկ մաս կը կազմեն «Ահարոնեան»ին:
Կոմիտէութեան ամէնէն մեծ իրագործումը համայնքի կազմակերպումն է՝ համայնքը հաւաքող եկեղեցւոյ, դպրոցի եւ կեդրոնի ծրագիրներուն ընդմէջէն, որոնց իւրաքանչիւրին մէջ անփոխարինելի է իր ներդրումը, իր քրտինքը, իր առաջնորդութիւնը:
Կլենտէյլի հայահոծ (80 հազարէ աւելի հաշուող հայութեամբ) շրջանը, այսօր, շնորհիւ ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէութեան հետեւողական ճիգերուն՝ քաղաքական հաշուառելի ուժ դարձած է եւ իր ծանրակշիռ խօսքը ունի քաղաքի հասարակական կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ: Կոմիտէութիւնը տարուէ տարի յաւելեալ միջոցներ կը տրամադրէ, երիտասարդութիւնը քաղաքական կեանքին մասնակից դարձնելու համար՝ մղելով զայն ստանձնելու ղեկավար պատասխանատուութիւններ. արդէն իսկ տեսանելի է անոր յաջողութիւնները այս մարզին մէջ:
Անշուշտ, կոմիտէութեան գործունէութիւնը չի սահմանափակուիր քաղաքական գործունէութեամբ: Համայնքին մէջ կը մշակուին մշակութային, մարզական, կրթական, հոգեւոր, երիտասարդական բազմաճիւղ ծրագիրներ, որոնք կը վայելեն կոմիտէութեան հոգատարութիւնն ու նեցուկը:
Կը շնորհաւորենք «Ահարոնեան»ի 40րդ յոբելեանը եւ յաջողութիւն կը մաղթենք իր յառաջիկայ բոլոր ծրագիրներուն: