Յայտագիրի հեղինակը՝ թուրք յայտնի լրագրող Թահա Աքէօլ, հաւատարիմ մնալով Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մէջ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան՝ նշած է, որ պատերազմի տարիներուն տեղի ունեցած է տեղահանութիւն, որուն ընթացքին մարդիկ մահացած են:
«Պէտք չէ մոռնալ արեւելեան շրջաններուն մէջ հայերու՝ ռուսական զօրքերուն ցուցաբերած աջակցութիւնը: Թէեւ իսկապէս ցաւալի է այն, ինչ կատարուեցաւ տեղահանութեան ժամանակ, սակայն վնաս կրած են թէ՛ հայերը, թէ՛ իսլամները: Ասիկա ընդհանուր ցաւ է, սակայն՝ ոչ ցեղասպանութիւն», ըսած է ան:
Պաշտօնական Անգարան վերջին տարիներուն փոխած է մարտավարութիւնը եւ կը փորձէ խիստ ժխտումէն անցում կատարել աւելի ժամանակակից ու արդիւնաւէտ միջոցներու՝ Ցեղասպանութիւնը կոչելով այլ բառերով: Թրքական կողմը աշխուժօրէն կը կիրարկէ «ընդհանուր ցաւ»ի թէզը, որ ամբողջովին արտացոլաց նաեւ Էրտողանի կողմէ 2014ի Ապրիլ 24ի նախօրեակին տարածուած ուղերձին մէջ:
Այսպիսով, Թուրքիա կը խուսափի հայերու զանգուածային կոտորածներն ու հայրենազրկումը կոչելէ ցեղասպանութիւն, ինչպէս նաեւ կը փորձէ հայերու ցաւը հաւասարեցնել թուրքերու կորուստներուն, ինչ որ որեւէ կապ չունի իրականութեան հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Ըստ Միսիոնարական աղբիւրներու երկու միլիոնյ և ըստ ընդունուած թիւին մէկուկէս միլիոն հայ կոտորուած է, հայոց հայրենիքը բռնագրաւուած է և պապենական հողերէ վտարուած են, դեռ ի՞նչ պէտք է պատահէր որ թուրքերը ցեղասպանութիւն է, ըսեն: Հայրենիք մը կորսնցուցած ենք, արդէօք հարկ էր բնաջնջուէի՞նք: