ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Շաբաթ, 21 եւ Կիրակի 22 Մարտի շաբաթավերջին, Santiago City College-ի մարզադաշտերուն վրայ տեղի ունեցան ՀՄԸՄի Օրէնճ Քաունթիի «Սարդարապատ» մասնաճիւղի կազմակերպած փոքր դասակարգի պասքէթպոլի միջ-մասնաճիւղային մարզախաղերը:
Գեղեցիկ այս մարզախաղերը կը հանդիսանան մասնաճիւղին տարեկան գլխաւոր ձեռնարկներու շարքը, որ մեծ ոգեւորութիւն կը ստեղծէ շրջանէն ներս եւ կը համախմբէ ՀՄԸՄի փոքր տարիքի մարզիկ-մարզիկուհիները, շեշտելով անոնց մէջ մարզական եւ ընկերային մաքուր ոգին: Երկօրեայ մրցումներուն մասնակցեցան պասքէթպոլի 25 երկսեռ խումբեր՝ ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի, «Ազատամարտ», «Արարատ», «Մասիս», «Սարդարապատ» եւ «Շանթ» մասնաճիւղերէն:
Կիրակի, 22 Մարտի կէսօրին, մրցումներու ընթացքին, կազմակերպիչ մասնաճիւղի ատենապետ Նազօ Տիշոյեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն անմեղ նահատակներուն: Ապա, քար լռութեան մէջ ընթերցեց այդ առիթով պատրաստուած Շրջանային վարչութեան պատգամը, որ յիշեցնելով ոճրագործ թուրքին անմարդկային արարքը, կոչ կ՛ընէր երիտասարդութեան որ պահանջատէր ըլլայ իր արդար դատին նկատմամբ:
«Թող ձեր գնդակի իւրաքանչիւր հարուածը ուղղուի մեր արդար դատի լուծման ջանքերուն, ձեր նշանակած իւրաքանչիւր կոլը, թող նոր յաղթանակ մը արձանագրէ այդ ջանքերու արդիւնաւորման մէջ: ՀՄԸՄ մեր նահատակ սերունդի ժառանգորդներէն մէկն է, որ իրաւունք չունի մոռնալու իր անցեալը եւ պարտաւոր է իր առողջ սերունդներով երթալ միշտ առաջ, դէպի յաղթանակ», ըսուած էր պատգամին մէջ:
Շրջանային վարչութեան այս պատգամի ընթերցումէն վերջ, աւարտական մրցումները առաւել ոգեւորութեամբ թափ առին: Իւրաքանչիւր ախոյեանութեան մրցումի աւարտին յանձնուեցան առաջնութեան բաժակները: Պէտք է ընդգծել, թէ երկօրեայ այս աշխոյժ մրցումները մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեցին մասնակից խումբերուն եւ ծնողներուն մէջ, որոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին կազմակերպիչ մասնաճիւղի վարչութեան եւ մարզիչներուն, գնահատելով անոնց զոհողութիւնները:
Ստորեւ ախոյեանութեան տիրացած մասնաճիւղերը.
10 տարեկանէն վար Մանչեր Դ1 դասակարգ
Ա.- ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ «Մասիս» մասնաճիւղ
Բ.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ»(1) մասնաճիւղ
Գ.- ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» եւ
Կլենտէյլի «Արարատ» (2) մասնաճիւղեր
10 տարեկանէն վար Աղջիկներ Դ1 դասակարգ
Ա.- ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ«Մասիս» մասնաճիւղ
Բ.- ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղ
Գ.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ»(2) մասնաճիւղեր
10 տարեկանէն վար Մանչեր Դ2 դասակարգ
Ա.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ»(2) մասնաճիւղ
Բ.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ»(3) մասնաճիւղ
Գ.- ՀՄԸՄի Օրէնճ Քաունթիի «Սարդարապատ»
եւ Կլենտէյլի «Արարատ»(1) մասնաճիւղեր
10 տարեկանէն վար Աղջիկներ Դ2 դասակարգ
Ա.- ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ «Մասիս» մասնաճիւղ
Բ.- ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղեր
Գ.- ՀՄԸՄի քրեսէնթա Հովիտի «Շանթ»(1)
եւ «Շանթ»(2) մասնաճիւղ