Ապրիլ 12-22, աշխարհահռչակ լուսանկարչուհի Քաթրին Քուքի գործերը պիտի ցուցադրուին Սան Ֆրանսիսքոյի SOMArts մշակութային կեդրոնին մէջ: Ցուցադրութիւնը կը կոչուի «Ծառերուն Յիշողութիւնը» եւ կ՛ակնարկէ Ցեղասպանութեան որպէս արդիւնք ամայացած հողերու մինակութեան: Ցուցահանդէսին բացումը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Ապրիլ 12, ժամը 6-8ին: Ապրիլ 13էն սկսեալ, ցուցասրահը բաց պիտի ըլլայ ժամը 12-7՝ շաբթուան ընթացքին, իսկ Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը՝ ժամը 12-5:
Շաբաթ, Ապրիլ 18, ժամը 9:30-5, տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած միջազգային գիտաժողով, Պըրքլիի համալսարանէն ներս՝ 370/371 Dwinelle Hall-ի մէջ: Գիտաժողովին պիտի մասնակցին բազմաթիւ հանրածանօթ մասնագէտներ: Անոնք պիտի խօսին Ցեղասպանութեան տուն տուող պատճառներուն եւ անոր նախորդող տարիներու մասին (1912-1915):
Կիրակի, Ապրիլ 19, ժամը 11-2, տեղի պիտի ունենայ երիտասարդական քայլարշաւ մը, որ պիտի սկսի Քալվըրի հայկական եկեղեցիէն ու կանգ պիտի առնէ Տէյվիտսըն լերան Խաչին քով: Ժամը 2ին, Խաչին դիմաց տեղի պիտի ունենայ Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած հոգեհանգստեան արարողութիւն:
Նոյն օրը, ժամը 5ին, Քուփերթինօ շրջանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ցեղասպանութեան ոգեկոչում, քաղաքական դէմքերու ներկայութեամբ:
Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, առաւօտեան ժամը 9ին, Սանթա Քլարայի Վերահսկիչ մարմնին կողմէ պիտի ներկայացուի Ցեղասպանութեան հռչակագիր մը եւ լուռ հաւաք մը պիտի կայանայ շրջանի կեդրոնին դիմաց՝ 70 W Hedding St., San Jose։
Նոյն յետմիջօրէի ժամը 5-7, Սան Ֆրանսիսքոյի Իւնիըն Սքուէրին մէջ տեղի պիտի ունենայ աննախընթաց համերգ մը, մանակցութեամբ՝ Սեպուհ Սիմոնեանի, Էլէմընթ խումբի, ինչպէս նաեւ Աննա եւ Անայիս երկեակին: Ձեռնարկին ընթացքին տաղանդաւոր նկարիչ Գէորգ Մուրատ պիտի հեռարձակէ տեղւոյն վրայ գծած պատկերները:
Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, ժամը 7ին, հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի Քուփերթինոյի, Օքլէնտի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի հայկական եկեղեցիներուն մէջ:
Ուրբաթ, Ապրիլ 24ի երեկոյեան, Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետարանը պիտի լուսաւորուի հայկական Եռագոյնի գոյներով: Ժամը 7:15ին, Արաքս պարախումբը ելոյթ պիտի ունենայ: Ժամը 8ին, պիտի սկսի Ցեղասպանութեան ոգեկոչման յայտագիրը: Գլխաւոր բանախօսն է Հոլանտայէն փրոֆ. Էրիք Զիւրշըր:
Կիրակի, Ապրիլ 26, ժամը 5ին, Ֆրեզնոյի սիմֆոնիք նուագախումբը համերգ մը պիտի նուիրէ հայ մշակոյթին եւ հայ ժողովուրդի տոկունութեան: Համերգին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն սոփրանօ Իզապէլ Պայրագտարեան, ջութակահար Քաթրին Մանուկեան եւ դաշնակահար Սերուժ Գրաճեան «Քանթաթ Ապրող Նահատակներու համար» (Cantata for Living Martyrs) ստեղծագործութեամբ: Համերգը տեղի պիտի ունենայ Սան Ֆրանսիսքոյի Palace of Fine Arts Theatre-ի մէջ:
Մայիս 3ին, հայ եւ օտար բոլոր յարանուանութեանց եկեղեցապետները միացած՝ Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցեն:
Մայիս 15-17, հայ եւ օտար հանդիսատեսները կարելիութիւնը պիտի ունենան ներկայ ըլլալու հայկական շարժապատկերի փառատօնի մը, որ պիտի կայանայ New People Cinema-ի մէջ՝ 1746 Post Street, San Francisco։
Ժամանակացոյցը հետեւեալն է.
Ուրբաթ, Մայիս 15, ժամը 2-11
Շաբաթ, Մայիս 16, ժամը 2-11
Կիրակի, Մայիս 17, ժամը 2-10
Ասոնց առընթեր, նախաձեռնած ենք հանրային յարաբերութիւններու մշակման արշաւի մը, որուն նպատակն է օտար հասարակութիւնը տեղեակ պահել վերոյիշեալ ձեռնարկներուն մասին, ինչպէս նաեւ՝ ծանուցումի արշաւի մը, որ պիտի ընդգրկէ Ծովածոցի կամուրջը, ծանուցումի տախտակները, հանրային փոխադրական միջոցները (Պարթ, Միւնի) եւ համացանցը:
Յանձնախումբը երախտապարտ է գաղութի այն կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք սատար հանդիսացան այս աշխատանքներուն:
Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Ծովածոցի բոլո՛ր հայկական կազմակերպութիւնները Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի առթիւ, կրցան յաղթահարել իրենց դէմ ելած խոչընդոտները եւ հանրութեան ներկայանալ որպէս միասնական ճակատ:
Կը մնայ, որ իւրաքանչիւր անհատ իր մասնակցութիւնը բերէ բոլո՛ր ձեռնարկներուն եւ քաջալերէ ազգականներն ու բարեկամները ստուար թիւով մասնակցելու անոնց, որպէսզի բոլորս, միասին յարգենք մեր նահատակներուն յիշատակը:
Վերոյիշեալ ծրագիրները միայն մէկ մասն են Սան ֆրանսիսքոյի եւ Ծովածոցի մէջ կայացած եւ կայանալիք ձեռնարկներուն: Ամբողջական պատկեր մը ունենալու համար կարելի է այցելել հետեւեալ կայքէջը՝
(http:www.rememberanddemand.org)։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.