
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան զինուած ուժերու գլխաւոր ղեկավարման մարմինի պետի տեղակալի գլխաւորութեամբ 13 Ապրիլին ընթացք առած են հաւաքներ, որոնց կը մասնակցին զօրամասերու հրամանատարներն ու անոնց տեղակալները:
Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ հաւաքներուն ընթացքին տարբեր ոլորտներու բարձրաստիճան սպաներ մասնակիցներուն ներկայացուցած են տարածաշրջանային ներկայ զարգացումներն ու բանակաշինութեան ոլորտին մէջ իրականացուելիք հետագայի առաջադրանքներուն մասին զեկուցումներ:
Դասախօսութիւններէն բացի, հաւաքներուն ընթացքին պիտի կազմակերպուին նաեւ գործնական մարզումներ։