Արեւիկ Փափազեան ԶՈՄի անունով երկու խօսքով բացաւ ձեռնարկը:
Էսթուքեան յայտնեց իր ուրախութիւնը Պէյրութ գտնուելուն համար: Ան համառօտ ակնարկով մը ներկայացուց արեւմտահայ մշակոյթի մայրաքաղաքը հանդիսացող Պոլսոյ հայ համայնքին պատմութիւնը: Էսթուքեան նշեց, որ ներկայիս Պոլսոյ հայութիւնը Ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուածներու շառաւիղներէն կազմուած է: Ան աւելցուց, որ Թուրքիոյ ազգ-պետութիւն հասկացողութիւնը չէ հանդուրժած թուրք ազգութենէն զատ ուրիշ ազգութիւններ՝ շեշտելով, թէ թուրք ազգութիւնը արուեստական ազգութիւն է՝ կազմուած պետականութեան կողմէ: Ըստ Էսթուքեանի՝ մինչեւ օրս ճնշումի ու հալածանքի քաղաքականութիւն գոյութիւն ունի Թուրքիոյ մէջ:
Սայաթ Թեքիր շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ ու դիտել տուաւ. «Երանի ամէն գաղութ Լիբանանի գաղութին պէս ըլլայ»:
Թեքիր ներկաներուն ծանօթացուց «Նոր Զարթօնք» միութիւնը, որուն համաբանբերն է ան: «Նոր Զարթօնք»ը Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք ձեւաւորուած բազմազգի հասարակական միութիւն մըն է, որ քաղաքական եւ ընկերային-դասակարգային հարցերով կը զբաղի: Միութիւնս տասնհինգ լեզուներու հաղորդումներով «Նոր Ռատիօ» անունով ձայնասփիւռի կայան հիմնած է: Այս տասնհինգ լեզուներուն կարգին են համշէնահայերէնը, արեւմտահայերէնն ու արեւելահայերէնը: Թեքիր ընդգծեց, որ Պոլսոյ հայ համայնքը շուրջ յիսուն հազար մարդ կը հաշուէ, հինգ երկրորդական վարժարան ու տասներկու միջնակարգ վարժարան ունի: Մօտ երեք հազար հայ աշակերտ կայ Պոլսոյ հայ վարժարաններուն մէջ: Այսուհանդերձ, Պոլսոյ մէջ հայերէնի ու հայախօսութեան վիճակը վատ է՝ համաձայն պոլսահայ հիւրերուն:
Զեկուցաբերները շեշտեցին, որ մարդու փոխարէն շէնքերն են, որոնք համայնքի նիւթական ներդրումը կը ստանան: Ըստ Էսթուքեանի՝ հիւանդանոցներն ու դպրոցները հպարտութիւն կը պատճառեն, բայց համայնքի վերնախաւի մարդիկը հայկական հիւանդանոցին մէջ չեն բուժուիր եւ իրենց զաւակները հայկական դպրոց չեն ուղարկեր:
Էսթուքեան դիտել տուաւ, որ պոլսահայերու նոր սերունդին մէջ հայախօսները բացառութիւն կը կազմեն ի հակառակ նախորդ սերունդներուն, ուր հայախօսութիւնն էր տիրականը: Ան յայտնեց, թէ հող պէտք է «մշակոյ»չ բառին արդարացման համար՝ ակնարկելով հայերէնին իբրեւ կենդանի լեզուի ու հայ մշակոյթին:
Թեքիր համարձակօրէն խօսեցաւ պոլսահայութեան մէջ գոյացած ապակեդրոնացման եւ անմիաբանութեան մասին:
Զեկոյցը անդրադարձաւ կրօնափոխ եւ ծպտեալ հայերու կնճռոտ հիմնահարցին:
Թեքիր անդրադարձաւ արեւմտահայերէնի պահպանումը հետապնդող «Հայ մշակոյթի եւ զօրակցութեան միութեան»:
100ամեակի առիթով Էսթուքեան դժգոհութիւն յայտնեց հայ ազգի քաղաքական վարքագիծին գծով: Վկայակոչելով Հրանդ Տինքի խօսքը՝ ան ընդգծեց, որ թրքատեացութիւնը թունաւոր յատկութիւն է, որ տեղ չի հասցներ:
Ներկաներէն մէկուն հարցումին պատասխանելով, Էսթուքեան հաստատեց, որ Սփիւռքի եւ Պոլսոյ միջեւ ուսումնական գետնի վրայ պէտք է ըլլայ համագործակցութիւն, որ ապագային երկու կողմերուն միջեւ փոխյարաբերութիւններուն մէջ մեծ նպաստ պիտի ունենայ: Ան միաժամանակ լուսաբանեց Սփիւռքի ու հայկականութեան հանդէպ Պոլսոյ մէջ պարզուած պահպանողականութիւնը, վախը եւ վերապահութիւնը՝ իբրեւ արդիւնք Թուրքիոյ պետութեան տասնեակ տարիներու վրայ գործադրուած ճնշումներուն ու հալածողական քաղաքականութեան:
Զեկուցաբերները նաեւ անդրադարձան Թուրքիոյ քաղաքական-ընտրական շրջածիրին մէջ երկրի հայութեան դիրքորոշումներուն: Էսթուքեանի գնահատականով՝ Թուրքիոյ հայութեան կէսը Ժողովուրդի ժողովրդավարական կուսակցութեան պիտի տայ իր քուէն:
Իր կարգին, Սայաթ Թեքիր նկատել տուաւ Թուրքիոյ հայութեան հասարակական շարժումին մէջ կիներու բացակայութիւնը:
Աւարտին զեկուցաբերները պատասխանեցին ներկաներուն զանազան հարցումներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.