
ՆԱԶ ՏԷՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ-ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Կիրակի, Ապրիլ 12, 2015ը յիշատակելի թուական մը եղաւ Պըրպենքի հայկական գաղութին համար՝ « Մելքոն եւ Անժէլ Մելքոնեան» Մարզադաշտին բացումով:
Արդարեւ, գաղութիս բարերարներէն տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններու առատաձեռն նուիրատուութեամբ Պըրպենքի «Մարտիրոսեան» Երիտասարդական կեդրոնի փակ մարզադաշտը անունակոչուեցաւ Վարանդի մօր՝ ընկհ. Անժէլի եւ իր հանգուցեալ ամուսնոյն՝ Մելքոն Մելքոնեանի անունով:
Ծնողքի նկատմամբ երախտագիտութեան արտայայտութիւն դրսեւորող այս նուիրաբերումը տօնակատարելու եկած էին աւելի քան 300 ազգայիններ: Ամէնուրեք տօնական մթնոլորտ կար, մարզադաշտը իր հրապուրիչ տեսքով, անոր կից «Ազատութիւն» սրահը իր գեղեցկութեամբ գրաւիչ ու առինքնող էին: Յիշենք, թէ մարզադաշտը ապագայ սերունդները ներգրաւող ու զանոնք կեդրոնին կապող հիմնական վայրն է Պըրպենքի Երիտասարդական կեդրոնէն ներս:
Երեկոյեան ժամը 6ին, Մարզադաշտի դրան մուտքին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան կատարեց օրհնութեան աղօթքը, ներկայութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի եւ նուիրատու Վարանդ Մելքոնեանի, որմէ ետք Անժէլ Մելքոնեան հատեց մարզադաշտի մուտքի ժապաւէնը:
Այնուհետեւ ժողովուրդը մտաւ գեղեցկօրէն ամբողջացած գոց մարզադաշտէն ներս: Գործադրուեցաւ կարճ յայտագիր մը, որուն բացումը կատարուեցաւ Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի պատասխանատու Սիլվանա Աբուլեան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց, ՀՄԸՄի «Սիփան» մասնաճիւղի արի-արենուշները ոգեւորիչ կերպով երգեցին «Յառաջ Նահատակ»ը:
Յայտագիրը շարունակուեցաւ փակ մարզադաշտին մէջ, «Աղբալեան» կոմիտէի անդամ Ստեփան Պոյաճեանի հանդիսավարութեամբ: Ան գնահատեց Երիտասարդական կեդրոնի նուիրատուներ Թիմիկ եւ Սեդա Մարտիրոսեանները եւ մարզադաշտի նուիրատուներ Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները, որոնք կը հաւատան այն տեսլականին, թէ ապագան երիտասարդներուն է: Ապա ան ՀՄԸՄի «Սիփան» մասնաճիւղին կողմէ զոյգ գնդակներ նուիրեց բարերարներուն: Պասքէթպոլի գնդակը, որ կը կրէր ստորագրութիւնները միութեան պասքէթպոլի Ա. խումբի մարզիչներուն, նուիրեց բարերար Վարանդ Մելքոնեանին, երկրորդը՝ ոտնագնդակը, որ կը կրէր ստորագրութիւնները միութեան ոտնագնդակի խումբի Ա. կարգի մարզիկներուն, նուիրեց Թիմիկ Մարտիրոսեանին: Վարանդ Մելքոնեան ներկաներու ծափողջոյններու տակ կողովին մէջ նետեց առաջին գնդակը, պաշտօնապէս գործնականացնելով իր նուիրաբերումը:
Ապա, ներկաները ուղղուեցան սրահ, ուր տեղի ունեցաւ բացման խանդավառիչ տօնախմբութիւնը:
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան սեղանները օրհնելէ ետք, իր խօսքը ներկաներուն ուղղելով շեշտեց, թէ Զատկուան յաջորդող այս երկրորդ Կիրակին եւս տօնական է, որովհետեւ մարզադաշտի բացման արարողութեան այս ուրախ առիթը կը զուգադիպի հայութեան կեանքի կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկուն, երբ Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ տեղի ունեցած պատարագին ընթացքին, Ֆրանսիս պապը յայտարարեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն է:
Առաջնորդ սրբազանը մեծապէս գնահատեց Մելքոնեան ընտանիքի ազգանուէր գործունէութիւնը, անոր մօր՝ Անժէլ Մելքոնեանի հաւատքն ու նուիրաբերումը ազգին նկատմամբ, եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց: Սրբազանը նաեւ գնահատեց Մարտիրոսեաններու նուիրաբերումը, որոնց նուիրատուութեան շնորհիւ Պըրպենքի մէջ կարելի դարձաւ սեփական կեդրոն ունենալու ծրագիրը:
ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վարդան Տէրտէրեան ներկայացուց օրուան պաշտօնական հիւրերը եւ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի տառապանքին ու վերածնունդին: Նորակառոյց մեր կեդրոնները այդ վերընձիւղման վկաները սեպելով, յիշեց թէ բարերարներուն տեսլականը մեր աշխատանքը կը խթանէ: Ըսաւ, թէ Սուրիոյ Թել Ապիատի շրջանէն Քանթարճեան մեծ ընտանիքի զաւակ ընկերուհի Անժէլը իր կեանքը միացուց հմուտ գործարար Մելքոն Մելքոնեանին, կառուցելով իրենց բոյնը, Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ: Անոնք ազգային ոգիով դաստիարակեցին իրենց զաւակները, եւ այդ դաստիարակութեան փաստն է բոլորիս ծանօթ Վարանդ Մելքոնեանը, որուն բարեգործութիւններու հետքերը կ՛երեւին ամէն տեղ:
Տէրտէրեան գնահատեց կեդրոնի յանձնախումբի անդամները, սրահի շինարարութեան գործը բծախնդրօրէն ու բարեխիղճ կերպով գլուխ հանած Մարտիկ Պուլտուքեանը եւ բոլոր կամաւոր աշխատողները, որոնց միացեալ ճիգերու արգասիքն է, որ կը վայելենք հիմա:
Վարանդ Մելքոնեան խօսք առնելով նախ խոստովանեցաւ, որ իր նուիրատուութիւնը կատարած է ընդառաջելով ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, իր երկար տարիներու բարեկամ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանի դիմումին:
Վարանդ Մելքոնան, իր կողքին ունենալով իր տիկինը՝ Հուրին, ուրախութեան եւ գոհունակութեան արտայայտութիւններ ունեցաւ, ըսելով, թէ իր բարերար գործունէութեան համար երախտապարտ է իր մօր՝ Անժէլին, որ քաջալերած ու յորդորած է զինք միշտ, իր ունեցածէն ազգին բաժին հանելու:
Մելքոնեան յայտարարեց, որ ինք հպարտ է ու կը խոստանայ անձնապէս աշխատիլ, իրագործելու համար կեդրոնի երկրորդ յարկի շինարարութան գործը:
Վարանդ Մելքոնեան հպարտութեամբ ներկայացուց իր մեծ ընտանիքի անդամները՝ չորս եղբայրներ, երեք քոյրեր իրենց ամուսիններով եւ 24 զաւակներով, եւ խօսքը միշտ մօրը ուղղելով, ըսաւ, թէ ան միշտ եղած է լաւատես, դրական կերպով դիմագրաւած է ամէն խոչընդոտ եւ հաւատք ունեցած է իր նկատմամբ՝ քաջալերելով, որ ան Իրաքէն հեռանալով երթայ եւ գտնէ իր ապագայ ուղին: Այդպէս ալ եղած է եւ Վարանդ Մելքոնեան Ամերիկա եկած ու հոս բերած է նաեւ իր ընտանիքի բոլոր անդամները: Յիշենք, թէ սրահէն ներս կային Մելքոնեան ընտանիքի շուրջ 70 անդամներ եւ բարեկամներ:
ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան խօսք առնելով, խմեց երկու կենացներ, մին՝ Վարանդ Մելքոնեանին, որ ստանձնեց այս մարզադաշտին հովանաւորութիւնը, միւսը՝ Կեդրոնի աշխատանքներուն մէջ իրենց ներդրումը ունեցած բոլոր զինուորագրեալներուն: Ան իր հրճուանքը արտայայտեց Վարանդ Մելքոնեանի կատարաած յայտարարութեան համար, ինչ կը վերաբերի Կեդրոնի շինարարութեան յաջորդ հանգրուանին:
Դոկտ. Յովսէփեան նաեւ ջերմօրէն գնահատեց Թիմիկ եւ Սեդա Մարտիրոսեանները, որոնց առած ազնիւ քայլին շնորհիւ կարելի եղած էր գնել այս կեդրոնը:
ՀՅԴ ԿԿի ներկայացուցիչը կարեւորեց հայ կեդրոններու բազմացումը այս հայաշատ շրջանին մէջ, որ օրէ օր աւելի եւ աւելի նկատելի կը դառնայ՝ իբրեւ հայութեան հիմնական խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ իր շօշափելի եւ ծանրակշիռ ներդրումը բերող համայնք:
Հանդիսավար Ստեփան Պոյաճեան ձայն տուաւ կեդրոնի աշխատանքներուն մասնակցած անդամներէն ոմանց, որպէսզի իրենց բառերով նկարագրեն կատարուածը:
Յիշենք, թէ տօնախմբութեան ներկայ էին Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան եւ քաղաքապետարանի քարտուղար Արտաշէս Քասախեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները՝ Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան եւ Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեան, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Ճեք Հաճինեան, տէր եւ տիկին Թիմի եւ Սեդա Մարտիրոսեաններ, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վիգէն Դաւթեան եւ Յակոբ Թիւֆէնքճեան, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչը, ՀՕՄի, ՀՄԸՄի, Համազգայինի Շրջանային վարչութեանց եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները: Նաեւ, Պըրպենքի Երիտասարդական կեդրոնէն ներս գործող «Աղբալեան» կոմիտէութեան, ՀՄԸՄի «Սիփան» մասնաճիւղի, ՀՕՄի «Արազ» մասնաճիւղի, ՀԵԴ «Վարագ» ուխտի ներկայացուցիչներ:
Յայտագիրի պաշտօնական բաժինէն ետք ճաշկերոյթը շարունակուեցաւ ընկերային ջերմ մթնոլորտի մէջ: