Ձեռնարկին գլխաւոր բանախօսն է պատմաբան դոկտ. Ճըրմէյն ՄըքՔալփին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան վնասուց հատուման մասին նորագոյն ուսումնասիրութեան համահեղինակներէն մէկն է։ Պիտի ցուցադրուին երկու կարճ ֆիլմեր՝ «Շնորհակալութիւն Ամերիկա. Հայերէն՝ Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցին» եւ Անի Յովհաննէսեան Գէորգեանի «Եւնիկէ»ն, իսկ աշակերտներ պիտի ներկայացնեն հայկական պարեր, երաժշտութիւն եւ երգեր։
Մուտքը ազատ է, սակայն տոմսերը պէտք է կանխաւ ապահովել «Ալեքս» թատերասրահէն (www.alextheatre.org), «Ամերիքանա»ի սպասարկութեանց գրասենեակէն կամ Կլենտէյլի համայնքային համալսարանէն։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 550-4424 թիւին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.