Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին գաղութիս տաղանդաւոր արուեստագէտները։
Մշակութասէր հանրութիւնը շուրջ երկու ժամ ըմբոշխնեց հոգեւոր եւ ժողովրդական երգեր, երաժշտութիւն եւ ասմունք։
Դասական բնոյթով այս համերգը սկսաւ բացման խօսքովը Թինա Դամլաքեանի, որ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յիշատակը։ Յայտագիրը սկսաւ սաղմոսներու արտասանութեամբ՝ Յովսէփ Յարութիւնեանի եւ Վանա Սքորզայի կողմէ։ Յաջորդաբար, բարձրորակ կատարումով ելոյթ ունեցան Վրոյր Տէմիրճեան (թենոր), Նադիմա Աւագեան (սոփրանօ), որոնք մեներգով եւ զուգերգով հմայեցին հանդիսականները։ Ապա, հանրայայտ ասմունքող Նունէ Աւետիսեան մատուցեց Գրիգոր Նարեկացիի հոգեպարար աղօթքներէն մին, իսկ քանոնի նրբագեղ լարերով ելոյթ ունեցաւ վաստակաւոր քանոնահարուհի՝ Լիլիթ Խոճայեան։
Համերգին բարեյաջող ընթացքին իր ներդրումը ունեցաւ վաստակաշատ եւ տաղանդաւոր դաշնակահարուհի Մարի Գայայեան։
Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր Կոմիտաս վարդապետի, Մակար Եկմալեանի, Առնօ Պապաճանեանի եւ Խաչատուր Աւետիսեանի երաժշտական ստեղծագործութիւնները, որոնք արժանացան հանդիսատեսի ջերմ գնահատանքին։
Հուսկ, յանուն Հայկական հոգեւոր մշակութային հիմնարկին, Վրոյր Տէմիրճեան փակման խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց գեղարուեստական յայտագիրի մասնակիցներուն, ներկաներուն, նուիրատուներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս համերգի յաջողութեան։ Ձեռնարկը աւարտեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով։
Համերգին հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի հալէպահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.