Աշխարհի տարածքին՝ գրողներ, մտաւորականներ եւ արուեստագէտներ, նոյն օրը, պիտի ընթերցեն Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու Մատեան» (The Book of Whispers) վէպին անգլերէն թարգմանութենէն հատուածներ։ Սոյն ընթերցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 7ին, ու պիտի կատարուի Հայկական թատերական արուեստներու միութեան անդամներուն կողմէ։
Ապա, ժամ 8ին, ընթերցումներ պիտի կատարուին Ցեղասպանութեան զոհ գացած գրողներու ստեղծագործութիւններ, հանդիսավարութեամբ Ալին Օհաննէսեանի։
«Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA 91205, իսկ հեռաձայնի թիւը՝ (818) 243-4112։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.