ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Տեղ մը կարդացած եմ, որ օր մը, երբ Ստալին կը պատրաստուէր ինչ որ քայլ մը առնելու, իր շրջապատէն մէկը իրեն յուշած է (բնականօրէն՝ վախէն չորցած բերանով), որ Վատիկանը կրնայ դէմ ըլլալ իր այդ քայլին: Ստալին պատասխանած է. «Վատիկա՞նը, քանի՞ զօրաբաժին ունի որ»: Անշուշտ Ստալին սխալած էր: Կը սխալին նաեւ բոլոր անոնք, որոնք նման կասկածով կը մօտենան Վատիկանի որդեգրելիք որեւէ քայլին:
Պապը մօտաւորապէս մէկուկէս միլիառ կաթողիկէներու գերագոյն հոգեւոր պետն է: Անոր խօսքը կամ կեցուածքը, տուեալ հարցի մը շուրջ, անքննելի ու անվիճելի է: Իրականութիւնը այս է:
Անցնող Կիրակի օր, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցածը սոսկ կրօնական արարողութիւն, ժամ-պատարագ չէր: Այդ օր, Ս. Պետրոս տաճարի խորանէն աշխարհին, բայց մանաւանդ Հայկական հարցին հեռուէն կամ մօտէն առնչուող կամ շահագրգռուող բոլոր պետութիւններուն, բայց մանաւանդ ու առաջին հերթին Թուրքիոյ յստակ պատգամ մը յղուեցաւ՝ ՃԱՆԱՉՈՒՄ, ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄ եւ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ:
Կարեւորութեամբ պէտք է ընդգծենք, որ երեք հոգեւոր պետերուն (Ֆրանսիս պապ, Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսներ) խօսքերը իրար ամբողջացնող, մէկ ու միասնական պատգամ էին: Սխալ է զանոնք անջատաբար հաշուի առնելը: Պապը խօսեցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը («քսաներորդ դարու առաջինը») ճանչնալու եւ «արիւնող վէրքը» դարմանելու անհրաժեշտութեան մասին: Զոյգ վեհափառները ընդգծեցին դատապարտումի եւ հատուցումի կարեւորութիւնը: Հետեւաբար, Վատիկանէն հնչած պատգամը ոչ միայն մէկ էր ու համապարփակ, այլեւ քաղաքականօրէն յստակ ու վճռական:
Այս պատճառով ալ, մեր խորագիրին մէջ գործածեցինք ոչ թէ «Վատիկանի պատգամը», այլ՝ «Վատիկանէն լսուած պատգամը» տարազը, որովհետեւ պապը ոչ միայն իր, Վատիկանի խօսքը ըսաւ, այլեւ բեմ տուաւ զոյգ կաթողիկոսներուն (*), որպէսզի անո՛նք եւս նոյն պատկառելի բեմէն իրենց խօսքը ուղղեն աշխարհին, հայ ժողովուրդին խօսքը ըսեն առաջին հերթին՝ Թուրքիոյ: Սա կարելի չէ պատահականութիւն համարել, որովհետեւ նման բաներ պատահականութեան չեն ձգուիր Վատիկանի մէջ: Այլ՝ արդիւնք են նախօրօք կատարուած համակարգումի: Մինչեւ իսկ որո՞ւ աթոռը ուր պէտք է զետեղուի նախապէս կը սերտուի ու կը ճշդուի:
Աւելորդ չէ ըսելը, որ նախքան վատիկանեան այս իրադարձութիւնը, Թուրքիա, նախազգալով «վտանգը», քաղաքական լծակներով (հաւանաբար նաեւ իր զինակիցներով) ճնշում բանեցուց Վատիկանի վրայ, որպէսզի Ցեղասպանութիւն բառը տեղ չգտնէ պապին յղելիք պատգամին մէջ: Փաստօրէն սակայն, պապը մնաց անդրդուելի:
Հետեւաբար, հայութեան արդար դատին համար նպաստաւոր մեծ քայլ մը առնուեցաւ Վատիկանի մէջ եւ Թուրքիա այսօր կը գտնուի լուրջ ճնշումի տակ: Ճնշումը այնքան մեծ է, որ անճրկումի նշաններ կու գան Անգարայէն: Այն աստիճան, որ դիւանագիտական ընդունուած կանոնները սկսան մէկդի դրուելու: Ասոր լաւագոյն փաստը այն է, որ Էրտողան, իր խօսքը պապին ուղղելով յայտարարեց, որ անգամ մըն ալ չընէ նման բան…
Անշուշտ այս յօդուածագիրին նպատակը Թուրքիոյ դիւանագիտական վարքագիծին վերլուծումը կատարելը չէ հոս: Մենք պարզապէս կ՛ուզենք ընդգծել,
1.- որ Վատիկանէն հատու խօսք ըսուեցաւ եւ հայութիւնը քաղաքական նկատառելի «դրամագլուխ»ի տէր դարձաւ,
2.- որ մեր անձնական համոզումով, Վատիկանէն լսուած պատգամը հիմա լուրջ երկընտրանքի դիմաց դրաւ նախագահ Օպաման: Մնալով զուտ «Ցեղասպանութիւն» բառի տրամաբանութեան մէջ, երբ պապը Վատիկանէն այսքան ուժեղ կերպով կեցուածք կը ճշդէ ու կը վերահաստատէ, այս մէկը ճնշում է նաեւ Սպիտակ տան վրայ: Սպիտակ տան կը մնայ որոշել, թէ պիտի յամենայ իր շատոնց ժամանակավրէպ դարձած կեցուածքի՞ն վրայ, թէ պիտի կանգնի արդարութեան կողքին: Սա ռոմանթիք սպասում չէ մեր կողմէ, յատկապէս Վատիկանէն լսուած պատգամի լոյսին տակ:
3.- Եթէ Վատիկանեան իրադարձութիւնը դիտենք այն քարոզչական թափի մթնոլորտին մէջ, որ ստեղծուեցաւ Քարտաշեաններուն Հայաստան այցելութեամբ, ինչպէս նաեւ Չորեքշաբթի օր Եւրոպական խորհրդարանի որդեգրած բանաձեւին լոյսին տակ, մեզի համար ստեղծուած նպաստաւոր պայմաններուն պատկերը աւելի կը յստականայ:
Գալով «միւսներուն» (Քամերուն, Մերքել եւայլն), այս մեծ պատկերին մէջ կարծես մանրամասնութիւն են, չէ՞:
(*) Այս յօդուածագիրին համար անհասկնալի ու միաժամանակ անընդունելի էր այն փաստը, որ Հայ Աւետարանական եկեղեցին ներկայ չէր Վատիկանի մէջ: Սա բացթողում է. մեղաւոր-անմեղ փնտռելու ատենը չէ հիմա: Մեր փափաքն է ամենամօտիկ առիթով այս բացթողումը սրբագրուած տեսնել, որովհետեւ հայութեան միասնակամութեան շահը այդ կը պահանջէ:
Ապրիլ 15, 2015
vproodian@gmail.com