«Այսօր շնորհուած ԵԱԴ միութեան անդամակցութիւնը կարեւոր է ո՛չ միայն որովհետեւ անիկա կը նպաստէ Արցախի միջազգային ներկայացուցչութեան, այլ նաեւ այն պատճառով, թէ ասիկա ցոյց կու տայ, որ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքական զարգացումը կը համապատասխանէ Եւրոպական միութեան չափանիշներուն, եւ որ անոր ժողովրդավարական յառաջդիմութիւնը կարելի է բաղդատել Եւրոպական միութեան մէջ մեր յառաջխաղացքին հետ», յայտնած է Էտուարտօ Լորենցօ Օչոան:
ԱԺԿն ԵԱԴի հետ համագործակցելու սկսած է շուրջ մէկ տարի առաջ՝ ժամանակի ընթացքին աւելի ամրապնդելով այդ կապը։ Արդարեւ, ԱԺԿի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը հրաւիրած էին ԵԱԴի Ընդհանուր ժողովի նախորդ նիստին, ուր սկսած էր համարկման գործընթացը, որ կը ներառէր ԵԱԴի երկու ուսուցողական այցելութիւններ դէպի Լեռնային Ղարաբաղ, ինչպէս նաեւ Ա. Ղուլեանի Հոկտեմբեր 2014ին Պրիւքսէլ կատարած այցելութիւնը: Միութեան անդամակցութիւնը շնորհուած է Աշոտ Ղուլեանին զեկուցում–ելոյթներէն ետք: Այս անդամակցութիւնը առաջին պարագան է, երբ Արցախի որեւէ քաղաքական հաստատութիւն կամ մարմին կը միանայ Եւրոպական միութեան կառոյցին:
Եւորպական ազատ դաշինքի անդամ Միքել Մարտինէզ Թոմին՝ մեկնաբանելով այս անդամակցութիւնը, ըսած է. «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ (ՀԵԲ) կազմակերպութիւնը առանցքային դեր ունեցած է ԱԺԿի եւ ԵԱԴի միջեւ ամուր կապ հաստատելու մէջ՝ մնայուն կերպով յարաբերութեան մէջ ըլլալով ԵԱԴի ղեկավարութեան եւ անդամներուն հետ, Եւրոպական խորհուրդի պատգամաւորներու շրջանակներուն մէջ բարձրացնելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող բարդ իրավիճակի մասին իրազեկուածութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք այցելութիւններ տրուած են Արցախ։
ՀԵԲի նախաձեռնութեամբ ոչ միայն իրականացուած են յաջող ձեռնարկներ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մասին տարբեր Եւրոպական խորհրդարաններու մէջ եւ ԵԱԴի անդամ կուսակցութիւններու համապատասխան երկիրներու եւ տարածաշրջաններու տարբեր կառոյցներու մէջ, այլ նաեւ որոշիչ դեր խաղացած են ԱԺԿի՝ ԵԱԴ անդամակցելու գործում»։
Կարեւոր է նշել, որ ԵԱԴի մէջ անդամակցութեան կարգավիճակը կը նախատեսուի տալ քաղաքական կուսակցութիւններ ոչ-ԵՄ անդամ պետութիւններէ, ինչպէս ԵՄ քաղաքական ընտանիքներու մեծամասնութեան պարագային:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.