ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ուշացած, բայց թէ՛ բարոյապէս եւ թէ քաղաքականօրէն կարեւոր այս քայլէն խրտչողներու հիմնաւորումը միշտ եղած է այն, որ նման յայտարարութեամբ մը փաստօրէն Հայաստան պատերազմ հռչակած կ՛ըլլայ իրմէ բազում անգամ հզօր պետութեան մը դէմ՝ իր իսկ գոյութիւնը վտանգի ենթարկելով:
Յայտարարութեան՝ ճանչնալու պաշտօնականացման ժամանակի ճշդումը, քաղաքական որոշումը տրուեցաւ այնպիսի պահու մը, երբ աշխարհի տարբեր մայրաքաղաքներու մէջ՝ Փարիզէն Վատիկան, Պերլինէն Վիեննա Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթաց մը սկսած է եւ այս ալիքը ուրիշ ափեր հասնելու նշաններ ցոյց կու տայ:
Ազգային ժողովի յայտարարութիւնը այս հանգրուանին կրնայ յաւելեալ երաշխիք նկատուիլ, որ հարիւրամեակին ստեղծուած աշխատանքներու թափն ու տարողութիւնը պիտի շարունակէ ստանալ պետական հովանաւորութիւն. բան մը, որ անցեալին բնաւ չէ եղած, կամ եղած է թաքուն, ամօթխած կամ վախուորած ճանապարհներով:
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման այս յայտարարութիւնը կրնայ մղել Հայաստանի իշխանութեան վերնախաւը, որ վերանայի նաեւ Արցախի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու հարցը: Այս պարագային, գլխաւոր հակառակորդները արդէն իսկ բացայայտ պարտերազմի մէջ են մեր դէմ, իսկ միջազգային ընտանիքն ալ անճրկած կը թուի ըլլալ՝ երկու հիմնական, այս պարագային, պատմական սխալի մը պատճառով իբրեւ թէ հակասական սկզբունքներ հաշտեցնելով լուծումի մը յանգելու:
Պահպանողական տեսանկիւնէ դիտած՝ երկու պարագային ալ »արկածախնդրութիւնը« պետական քաղաքականութեան մակարդակի բերելու հեռանկար մը կը բանայ Հայաստանի առջեւ, մինչ փակուղիներէն դուրս գալու ճանապարհը միայն վճռական քայլերով կրնայ յառաջանալ:
«Ասպարէզ»ի այսօրուան թիւին մէջ հրատարակուած լրատուութիւնը, կ՚ըսէ, թէ Ազգային Ժողովի յայտարարութիւնը հիմք ընդունած է «… ՀԽՍՀ Գերագոյն խորհրդի՝ 1988 թուականի Նոյեմբերի 22ին ընդունած «Օսմանեան Թուրքիայում հայերի 1915թ. ցեղասպանութեան դատապարտման մասին» օրէնքը»։ Երբ այս օրէնքը գոյութիւն ունի 27 տարիներէ ի վեր, իսկ այդ յայտարարութիւնը «Կոչ է անում բոլոր երկրների խորհրդարաններին, միջխորհրդարանական եւ միջազգային կազմակերպութիւններին պաշտօնապէս ճանաչել եւ դատապարտել Օսմանեան կայսրութեան իրականացրած Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ որպէս մարդկութեան դէմ ուղղուած ծանրագոյն յանցագործութիւն», արդեօք ի՞նչ հիմքով կը խօսուի «Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցաւ»ի մասին։ Տրամաբանակա՞ն է, որ 1990ի անկախութեան հռչակագրի 11րդ յօդուածէն ետք ցեղասպանութեան ճանաչում ակնկալուի։