
ՓԱՐԻԶ, «Սի.Էն.Էս. Նիուզ».- Երկուշաբթի, Ապրիլ 20ին, Ֆրանսայի պատկերասփիւռի երկրորդ կայանին հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտարարած է, թէ իր կառավարութիւնը տապալելու համար պայքարող ահաբեկչական «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութիւնը Իրաքի մէջ սկսած է կազմուելու 2006ին, ամերիկեան հովանաւորութեան ներքեւ։
Ան այս հաստատումը կատարած է պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ Ասատ արդեօք որեւէ դերակատարութիւն ունէ՞ր «Իսլամական պետութեան» կազմութեան ջանքերուն մէջ, որպէսզի աւելի ուշ ինքզինք ներկայացնէ իբրեւ այդ կազմակերպութեան դէմ վահան մը։
«Իրաքը իմ հակակշռիս տակ չէր, այլ ամերիկացիներուն եւ «Իսլամական պետութիւն»ը Իրաքէն Սուրիա եկաւ», պատասխանած է Ասատ։