– Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ «ձախող կատակ» որակած է վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի այն յայտարութիւնը, թէ իշխող կուսակցութեան ընտրական ծրագիրին մէջ քիւրտերուն հետ հաշտութեան գործընթացին մասին որեւէ ակնարկութեան բացակայութիւնը հետեւանք է անոր, որ այդ մասին գրուած էջերը կորսուած էին դէպի տպարան ճամբուն վրայ։
– Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը Ապրիլ 21ին յայտնած է, որ տակաւին կարելի չէ խօսիլ Եմէնի մէջ շարունակուող «Վճռորոշ փոթորիկ» զինուորական գործողութեան մէջ եգիպտական ցամաքային ուժերու մասնակցութեան հաւանականութեան մասին:
– ՄԱԿը ազդարարած է, թէ կլիմայի շարունակուող ջերմացման պատճառով տեղահանուելու պարտադրանքին տակ կրնան գտնուիլ մօտաւորապէս մէկ միլիառ քաղաքացիներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.