
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը՝ ներկայութեամբ պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի եւ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ժան Իվ Լըտրիանի, Ապրիլ 20ին ստանձնեցին սէուտական նիւթական աջակցութեամբ, Լիբանանի խոստացուած ֆրանսական զինուորական օժանդակութեանց առաջին մասը:
Լիբանանի հասած ֆրանսական զէնքն ու զինամթերքը ստանձնելու ընթացքին, Մուքպել յայտնեց, որ զինուորական այս օժանդակութիւնը առիթ պիտի տայ բանակին՝ պաշտպանելու համար իր սահմանները, ներքին ապահովութիւնը եւ դիմադրելու ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն:
Մուքպել շնորհակալութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ, անոր կատարած թագաւորական օժանդակութեան համար, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական ու արաբական երկիրներուն, որոնք կ՛օժանդակեն բանակին: «Մենք պատրաստ ենք առանց նախապայմանի բանակին կատարուած որեւէ օժանդակութիւն ընդունելու, սակայն իրանեան օժանդակութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է կառավարութեան եւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն հետ», նշեց ան, շեշտելով Իրանի դէմ գործադրուող պատժամիջոցները վերցնելու կարեւորութիւնը:
Զինուորական այս օժանդակութեան յաջորդ բաժինը Լիբանան պիտի հասնի Մայիսին, իսկ աւելի ուշ, այդ օժանդակութիւնները պիտի կատարուին հանգրուանային ձեւով եւ պիտի տեւեն 48 ամիս:
Իր կարգին, Ժան Իվ Լըտրիան շեշտեց, որ շրջանի երկիրներուն գոյութիւնը վտանգի ենթակայ է՝ աւելցնելով, որ Ֆրանսա ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ Լիբանանին օժանդակելու նպատակով: Ան աւելցուց նաեւ, որ «Ճապհաթ Նուսրա»ի եւ «Իսլամական պետութեան» կողմէ Լիբանանի դէմ յայտարարուած սպառնալիքները լուրջ են եւ Լիբանանի վրայ ճնշում կը բանեցնեն, ինչպէս նաեւ անոր սահմանապահի առաքելութիւնը դժուարացուցած են: Ան նաեւ յայտնեց, որ Ֆրանսա պատրաստ է լիբանանեան բանակին համար ռազմափորձեր կազմակերպելու եւ լիբանանցի զինուորականներ ընդունելու իր սպայից վարժարաններուն մէջ:
Նշենք, որ բանակին կատարուած զինուորական հիմնական այս օժանդակութիւնը «Միլան» տիպի հրթիռներն էին, որոնց խիստ կարիքը ունի բանակը։
Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին յանձնուած ֆրանսական զէնքերու այս մասնաբաժինը սէուտական օժանդակութեան մէկ բաժինն է, որ արդիւնք է Լիբանանի նկատմամբ սէուտական պետութեան բարեկամութեան:
Միւս կողմէ, Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Ապրիլ 20ին այցելեց Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտըլ Ազիզ թագաւորին, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին զինումին նպատակով կատարուած օժանդակութեան համար:
Յիշեցնենք, որ Սաատ Հարիրին էր, որ անցեալ տարի յայտարարեց մէկ միլիառ տոլարի հասնող սէուտական այս օժանդակութիւնը։