ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Ոչ ոք թող ունենայ այն պատրանքը, որ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկներու գագաթնակէտէն ետք «թայմ աութ» պիտի առնենք: Ասիկա պասքէթպոլ չէ: Համահայկական իրաւունքներու համար մղուող պատերազմ է մերինը: Պատերազմ մը, ուր իրաւարար չկայ (որ պարտութեան պարագային մեղքը անոր վրայ նետենք), ինչպէս նաեւ չկան սեւուճերմակ օրէնքներ: Մենք ենք տէրը մեր ճակատագիրին եւ կռիւին:
Անցնող օրերուն, Հայկական Հարցի պայքարի ճամբուն վրայ, մենք արձանագրեցինք դրական կէտեր: Այսպէս, Հայաստանի ի նպաստ քարոզչութիւն՝ Քարտաշեաններու Հայաստան այցելութեամբ, Եւրոպական խորհրդարանին որդեգրած բանաձեւը, վատիկանեան «ռումբը», Աւստրիոյ խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, Քանատայի կառավարութեան կողմէ ճանաչման վերահաստատումը՝ նախարար Ճէյսըն Քենիի կողմէ, Գերմանիոյ կողմէ կեցուածքի փոփոխութեան նախանշաններ եւայլն:
Ամերիկահայութեան համար, հասկնալիօրէն, զայրոյթ յառաջացնող էր Սպիտակ տունէն կատարուած այն յայտարարութիւնը, որ նախագահ Օպամա այս անգամ եւս «Ցեղասպանութիւն» բառը պիտի չգործածէ Ապրիլ 24եան իր ամէնամեայ պատգամին մէջ:
Շատեր հաւանաբար յուսախաբ ալ եղան: Այս յօդուածագիրին համար յուսախաբութիւնը անհասկնալի է, որովհետեւ քաղաքական պայքարի դաշտ նետուած որեւէ ժողովուրդ պէտք է պատրաստ ըլլայ ոչ միայն դրական լիցքերու, այլ նաեւ՝ ժխտական երեւոյթներու: Ոչ պիտի գինովնանք արձանագրուած յաջողութիւններով, ոչ ալ պիտի խեղճանանք նորանոր պատնէշներու դիմաց:
————————————
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Մենք՝ Հիւսիսային Հովիտի Երէցներու Համախումբի անդամներս, ինչպէս նաեւ
Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին սերունդ, կու գանք միանալու Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին
եւ կը պատգամենք համայն հայութեան,
որ օր մը անպայմա՛ն, հատուցում
եւ արդար պատիժը ստանայ
ցեղասպան ազգը։
Յիշել, Յիշեցնել
եւ Պահանջել