
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Քաթարի «Շարք» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին պատասխանած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ կապուած արաբ լրագրողի հարցումին՝ կրկին օգտագործելով «համատեղ ցաւ եզրը»:
Կիւլ շեշտած է, թէ այն ժամանակուան Օսմանեան կայսրութեան հողերուն վրայ, «իսլամներէն բացի, ի հարկէ, ապրած են հայ քաղաքացիներ, որոնք Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն հրահրուած են ռուսերու կողմէ: Անատոլիոյ մէջ, անոնց ապստամբութիւններու դէմ դնելով, պետութիւնը զանոնք այլ տեղեր «վերաբնակեցուցած է»:
«Բայց տեսէք, որ Պոլսոյ մէջ հայերուն ոչինչ պատահած է, անոնք նոյնիսկ պետական բարձր պաշտօններու մէջ աշխատած են, իսկ եկեղեցիները բաց եղած են: Ցաւօք, այդ վերաբնակեցման ժամանակ հարիւր հազարաւոր օսմանցի հայեր մեծ ցաւեր ապրած են: Ո՞վ ուզէ ըլլայ, այդ ցաւերը բոլորին համատեղ ցաւերն են: Իսլամ թուրքերն ալ ցաւեր ապրած են», ըսած է Կիւլ: