ՊԱՔՈՒ, «Երկիր».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դժգոհութիւն յայտնած է BBC ընկերութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մասին պատրաստուած յայտագիրին համար:
Ատրպէյճան յայտարարած է, որ Պաքու այս գծով իր պաշտօնական դժգոհութիւնը փոխանցած է կայանին:
«Մենք BBC-ի ղեկավարութենէն այս հարցով յստակացում կը պահանջենք: Ինչպէս կ՛երեւի,
թղթակիցը անօրինականօրէն մեկնած է Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածք՝ խախտելով Ատրպէյճանի «Պետական սահմանի մասին» օրէնքը», նշած է նախարարութիւնը:
Նշենք, որ թղթակցը յայտագիր մը պատրաստած է Սուրիայէն գաղթած եւ Արցախ հաստատուած հայերու մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.