ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցմամբ քննարկեց «Սահմանուած կարգի խախտմամբ պարտադիր զինուորական ծառայութիւն չանցած քաղաքացիների մասին» Հայաստանի օրէնքին մէջ լրացումեր եւ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը: Անով կ՛առաջարկուի երկարաձգել զինուորական ծառայութենէն խուսափած եւ 27 տարին ամբողջացուցած անձերը քրէական հետապնդումէ ազատ կացուցելու ժամկէտը:
Հիմնական զեկուցող, Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յայտնեց, որ առաջինէն երկրորդ ընթերցում երկարած ժամանակաշրջանին կառավարութիւնը քննարկած է պատգամաւորներուն առաջարկները եւ վաւերացուցած է անոնցմէ մէկը: «Առաջին ընթերցմամբ օրէնքի նախագծով առաջարկւում էր օրէնքի գործողութեան ժամկէտը 2013թ. Դեկտեմբերի 1ից երկարաձգել եւ դարձնել 2014թ. Դեկտեմբերի 31: Մենք քննարկել ենք պատգամաւորների առաջարկները եւ որոշել ենք աւելի երկարացնել օրէնքի գործողութեան ժամկէտը՝ սահմանելով այն մինչեւ 2015թ. Մայիսի 1ը», յայտնեց Յակոբեան՝ կոչ ուղղելով պատգամաւորներուն թեր քուէարկել օրէնքի նախագիծին, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ բազմաթիւ երիտասարդներու վճարել համապատասխան գումարը եւ ազատ կացուցուիլ քրէական հետապնդումէն:
2013 թուականին օրէնքի կիրարկման իբրեւ արդիւնք յատուկ հաշիւի մէջ մուտքագրուած է 801 միլիոն 230 հազար դրամ, ինչպէս նաեւ նախորդ տարի 958 քաղաքացի եկած է Հայաստան, կատարած է համապատասխան վճարումները եւ ազատ կացուցուած քրէական հետապնդումէ: Այս տարուան ընթացքին եւս արդէն 61 անձ կրցած է օգտուիլ օրէնքին տուած կարելիութենէն։
Ներկայ դրութեամբ զինուորական ծառայութենէն խուսափելու համար քրէական հետապնդման ենթակայ է 30 հազար անձ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.