Մեր խօսքը կ՛առնչուի Ապրիլ 24ին, Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած ցոյցին, Արդարութեան քայլարշաւին:
Քանի մը կէտեր կան, որոնց մասին անհրաժեշտ է խօսիլ ու հրապարակային կամ այլ բեմերու վրայ քննարկումներ կատարել՝ անհրաժեշտ դասերը քաղելու համար:
Առաջին.- Քայլարշաւը հազիւ վերջ գտած, քաղաքի ոստիկանութիւնն ու «Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթը հրապարակեցին մասնակիցներու թիւ մը, մօտ 130 հազար: Շաբաթ մը ետք, քաղաքի Հրշէջ բաժանմունքը ներկայացուց աւելի մեծ թիւ մը՝ մօտ 160 հազար: Սակայն չկար հայկական կողմէն տրուած թիւ մը: Սա կարեւոր խնդիր է, որովհետեւ նման պարագաներու, մասնակիցներու թիւը անպայման կ՛առնչուի քարոզչութեան եւ հետեւաբար, ունի քաղաքական արժէք:
Ներկայ արհեստագիտութեան ընձեռած պայմաններով (Google-ի զանազան ծրագիրներ, օդէն առնուած նկարներ եւ այլն), հայկական կողմին՝ մեզի համար մեծ խնդիր պէտք չէ ըլլար մե՛ր գնահատականը տալու մասնակիցներու թիւին առումով: Իշխանութիւնները կրնան իրենց ուզած թիւը ներկայացնել. սա մեզ չի շահագրգռեր: Հայկական կողմը պարտաւոր էր ներկայացնելու ու տարածելու ի՛ր թիւերը (որոնք կրնային շատ չտարբերիլ իշխանութիւններու տուեալներէն, բայց այդ ուրիշ խնդիր է), որպէսզի ցոյց տար աշխարհին, որ մե՛նք ենք մեր ձեռնարկին քարոզչութեան, ինչպէս նաեւ ատով ստեղծուած քաղաքական դրամագլուխին տէրը:
Երկրորդ.- Շատերու համար «անակնկալ» էր Լոս Անճելըսի ցոյցին մասնակցած հայութեան թիւը եւ այս տեսակէտը հրապարակաւ արտայայտուեցաւ:
Լոս Անճելըսի մէջ անցնող տասնամեակներուն կազմակերպուած ոգեկոչական ձեռնարկներուն բաղդատած, ճիշդ է, որ վերջին ցոյցի մասնակիցներուն թիւը ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ պէտք է համարել: Բայց ո՛չ ԱՆԱԿՆԿԱԼ: Այս յօդուածագիրին կարծիքով, մեր ընդգծած ու գործածած երկու բառերը բոլորովին տարբեր իմաստ ու արժէք ունին: Կը նմանի անոր, որ ռազմադաշտին վրայ սպան յայտարարէ, թէ «անակնկալի եկած է» իր զինուորներուն ցուցաբերած քաջութեամբ, (ուրեմն մինչ այդ երկչոտնե՞ր էին): Ըմբռնելի չէ, չէ՞: Մինչդեռ, ճիշդ պիտի ըլլար, եթէ նոյն սպան գործածէր «աննախընթաց» բառը (մեր ըրածը բառախաղ չէ անշուշտ): «Անակնկալ»ը կրնայ նշանակել, որ ցարդ կը կասկածէի՞նք մեր ժողովուրդի առողջ բնազդին ու ազգային նկարագիրին: Մինչդեռ իրականութիւնը այն է, որ ոչ ոքի համար կասկածի խնդիր կար եւ լոսանճելըսաբնակ հայութիւնը 100ամեակի տարողութեան համապատասխան ձեւով ընդառաջեց մարտահրաւէրին. սա՛ է ճշմարտութիւնը եւ չոր իրականութիւնը:
Անշուշտ յետ-փաստի տրամաբանութեամբ չէ, որ կը մօտենանք այս խնդիրին: Ո՛չ ոք կրնայ Նոսթրատամուսի պատմուճան հագնիլ. յստակ է, որ կարելի է վիճիլ հրապարակուած (կամ ակնկալուած) թիւերուն շուրջ, սակայն մէկ բան անվիճելի է. այդ ալ ցոյցին աննախընթաց բնոյթն էր: Մասնակիցներուն թիւը աննախընթաց էր, որովհետեւ ցոյցին առիթը աննախընթաց էր. այսքանը կարելի էր նախատեսել:
Երրորդ.- Լոս Անճելըսի համայնքը մոզայիք մըն է Հայաստանէն, Իրանէն, Իրաքէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Արեւելեան Եւրոպայէն ու այլ երկիրներէն եկած հայերու: Տգեղ լեզուով՝ հայաստանա-հայ, իրանայհայ, իրաքայհայ եւ այլն: Սակայն Ապրիլ 24ի Արդարութեան քայլարշաւին մասնակիցները «գծիկաւոր» հայեր չէին, այլ՝ միա՛յն ՀԱՅԵՐ: Սա համախմբուածութիւն ու միակամութիւն կը նշանակէ, յար եւ նման Սարդարապատի ոգիին: Յար եւ նման այն կացութեան, երբ 125 տարի առաջ եւս հայութիւնը կ՛ընդառաջէր մէկ էջնոց յայտարարագիրի մը, ուր կոչ կ՛ուղղուէր հայութեան բոլո՛ր խաւերուն, առանց սեռի, տարիքի ու որեւէ այլ խտրութեան, որ զէնք վերցնէ հայրենիքի փրկութեան համար:
Այս յօդուածագիրին կարծիքով, Ապրիլ 24ի այս ցոյցը Լոս Անճելըս ապրող հայութեան դիմագիծի բիւրեղացման հոլովոյթին մէջ նոր ու դրական հանգրուան մը պէտք է համարել: Հետեւաբար, անհրաժեշտ են աւելի խոր քննարկումներ, որպէսզի կարելի ըլլայ ամրապնդել ո՛չ միայն արտաքին քաղաքական ճակատին առնչուող ձեռքբերումները, այլ նաեւ ներքին, դիմագիծի ու դերակատարութեան վերաբերող այս նոր հանգամանքը: Քննարկումները անհրաժեշտ են նաեւ ու մանաւանդ անոր համար, որ կարելի ըլլայ այս համայնքէն ներս ու անոր առնչուող վարքագծային նոր գաղափարներ մշակել ու բիւրեղացնել:
Լոս Անճելըս,
Մայիս 6, 2015
vproodian@gmail.com