ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Ս. ՊՕՂՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑԻ
ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Շաբաթ, Ապրիլ 18ին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ զանգերու ղօղանջին հետ, աշակերտներ, ուսուցչական կազմ եւ ծնողներ՝ բոլորը զգեստաւորուած «Անմոռուկ» ծաղիկով շապիկներով, որոնց վրայ արձանագրուած էր՝ «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք», առաջնորդութեամբ հոգեւոր հովիւ Եսայի Պօղոս քահանայի եւ սարկաւագ Յակոբին, դասարաններէն դուրս գալով, շրջապատեցին դպրոցի բակին մէջ զետեղուած խաչքար-յուշարձանը, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն։ Ներկաները միասնաբար Տէրունական աղօթքը երգելէ ետք, խաչքարին դիմաց ծաղիկներ դնելով եւ թափօր կազմած, ուղղուեցան դէպի եկեղեցի եւ բոլորը մոմերը վառած հետեւեցան 100ամեակին նուիրուած յայտագիրին:
Բացման խօսքը կատարեց Եսայի Պօղոս քահանայ։ Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ներկաներուն յորդորեց, որ շարունակեն «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք» բնաբանով պայքարը:
Տնօրէնուհի տիկին Մարգարիտ կարդաց «Ատանա» բանաստեղծութիւնը եւ աշակերտներուն ուղղելով իր խօսքը՝ ըսաւ. «Սիրելիներ, միշտ պիտի յիշէք եւ պահանջէք»:
Աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերին երգերով եւ արտասանութիւններով։ Անոնք յուզումով մեկնաբանեցին Հայաստանի եւ դպրոցի քայլերգները, նոյն ոգիով արտասանեցին նահատակ գրագէտներու քերթուածներէն:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Արդեօք ովքեր են» եւ «Հայաստան» երգերով:
ՉԱՐԼԻ ՔԷՅԵԱՆ
ՀԱՄԱԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ
ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 100ԱՄԵԱԿԻ
ՁԵՌՆԱՐԿԸ
Կազմակերպութեամբ դպրոցի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, Ապրիլ 23ին, ժամը 2ին, դպրոցի սրահին եւ բակին մէջ տեղի ունեցաւ 100ամեակի ձեռնարկը:
Դպրոցի դարպասէն ներս մտայ եւ ուրիշներու հետ յամրաքայլ դիմեցի դէպի սրահ, դիտելով պատին վրայ ցուցադրուած աշակերտներու գծագրութիւնները, որոնք ապագային՝ դպրոցին մէջ կառուցուելիք յուշարձանին նախատիպը կը ներկայացնէին:
Կանգ առի բակին մէկ անկիւնը. դիմացս աշակերտներ բազմած են, 100ամեակը խորհրդանշող տարազներով. հրեշտակի տարազով աղջնակ մը, շրջելով շարքերուն մէջ, ոտքի կը հանէր զանոնք, ի յիշատակ կենդանութեան եւ յարատեւութեան, երբ բոլոր աշակերտները ոտքի բարձրացան, անոնք պատասխանատուներու առաջնորդութեամբ սրահ մեկնեցան:
Աշակերտներուն կողմէ ամերիկեան եւ հայկական քայլերգներու մեկնաբանումէն ետք, բեմ բարձրացաւ տնօրէնուհին, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա 5րդ եւ 6րդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին նահատակ գրագէտներն ու անոնց քերթուածներէն նմուշներ, գեղեցիկ կերպով ներկայացուեցաւ Գէորգ Չաւուշը, կարդացուեցաւ նաեւ Ու. Սարոյեանէն հատուած մը:
Աշակերտներ եւ ծնողներ, ծաղիկներ զետեղեցին բակի յուշարձանին առջեւ։ Վերապատուելի Արա Կէօքճեան եւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ հովիւ Եսայի Պետրոս քահանայ հիմնարկէքը կատարեցին բակին մէջ կառուցուելիք յուշարձանին:
Ներկաները յուզումով հեռացան դպրոցի բակէն, իսկ բարձրագոյն դասարանի աշակերտները դիմեցին դէպի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի:
Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԶԱՆԳԱԿԱՏՈՒՆԷՆ
100 ՂՕՂԱՆæՆԵՐՈՒ ՍՓՌՈՒՄ
Հինգշաբթի, Ապրիլ 23ին, առաւօտեան ժամը 8։15ին, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ, մեծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ 100 ղօղանջներու սփռումը։ Ժամկոչ Յակոբ Թագլարեան համաչափ շարժումներով կը հետեւէր հաւատացեալներու սրտերէն բարձրացող Տէրունական աղօթքի եղանակին եւ բառերուն, որոնք ընդելուզուելով զանգերու ղօղանջներուն, դէպի երկինք կը բարձրանային: Աղօթքին անմիջապէս յաջորդեց «Կիլիկիա» երգը: Հաւատացեալները երկիւղածութեամբ եւ գոհունակ սրտով հեռացան եկեղեցիէն:
ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
ԱՐՄԻՆԻԱ ՊՈՂՈՏԱՅԻ
Ապրիլ 23ին, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ կանգառին մէջ, ներկայութեամբ Ֆրեզնոյի քաղաքապետուհիին, քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամներու, Լոս Անճելըսի հիւպատոսարանի ներկայացուցիչներուն, Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վահան քհնյ. Կոստանեանի, եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամներուն եւ կոկիկ թիւով հասարակութեան մը տեղի ունեցաւ «Santa Clara» պողոտայի անուանափոխութիւնը՝ Armenia-ի: Այս գաղափարն ու անոր իրագործումը, ինչպէս ըսաւ Վահան քհնյ. Կոստանեան, ունեցաւ, հետապնդեց եւ իրագործեց Պերճ Աբգարեան, որ խորհրդակցաբար Ֆրեզնոյի քաղաքապետուհի Էշլի Սուերինկընի հետ, որոշեց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ կանգառին կից գտնուող պողոտան կոչել նոր անունով՝ Armenia:
Հանդիսութեան բացումը կատարեցին Չարլի Քէյեան համագաղութային վարժարանի աշակերտները, մեկնաբանելով ամերիկեան եւ հայկական քայլերգները: Օրուան հանդիսավար Ռապ Սարոյեան, խնդումերես բեմ բարձրանալով, շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրեզնոյի քաղաքապետուհիին եւ անոր կողքին բազմած քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամներուն, Լոս Անճելըսի Հայաստանի ընդհանուր հիւպատոսի տեղակալ՝ Վալերի Մկրտումեանի եւ հիւպատոս Լեւոն Մինասեանի, որոնք ընդառաջած էին պողոտայի անուանակոչութեան հրաւէրին:
Հանդիսավար Սարոյեան, բեմ հրաւիրեց քաղաքապետուհին, որ իր սրտի խօսքը փոխանցէ ներկաներուն: Ան՝ բարձր գնահատելէ ետք Ֆրեզնոյի հայկական գաղութին գործունէութիւնն ու նուիրումը, մաղթեց, որ հայ ժողովուրդը հասնի եւ իրագործէ ապագայի իր երազները։ Ապա ան իր մօտ հրաւիրեց տէր Վահանն ու այս ծրագիրը հետապնդող Պերճ Աբգարեանը, որ միասնաբար քովի գրակալին վրայ դրուած ցուցատախտակի քօղը վերցնեն. ներկաները ծափերով դիմաւորեցին Armenia պողոտային ցուցատախտակը:
Տէր հօր աղօթքով վերջ գտաւ անուանակոչութեան հանդիսութիւնը:
ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ «ԱՐԱՐԱՏ» ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷæ
Կազմակերպութեամբ 100ամեակի Ֆրեզնոյի եւ արուարձաններու եկեղեցական դասի յանձնախումբին, Ապրիլ 23ին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն «Արարատ-Մասիս» գերեզմանատան մէջ, Անծանօթ Հայուն աճիւնի հողակոյտին առջեւ, մասնակցութեամբ շրջանի հոգեւորական դասուն եւ ներկայութեամբ մեծ թիւով հաւատացեալներու, որոնք եկած էին իրենց սիրելիներու գերեզմաններուն վրայ մոմ վառելու եւ ծաղիկներ զետեղելու: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք ներկաները միասնաբար Տէրունական աղօթքը երգեցին, եւ արցունքը իրենց աչքերուն՝ շրջելով գերեզմանատան մէջ, հեռացան: