ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան 12 Մայիսին ընդունած է Համաշխարհային սկաուտական շարժման գլխաւոր քարտուղար Սքոթ Թիրը: Հանդիպման մասնակցած են նաեւ համաշխարհային եւ տարածաշրջանային սկաուտական շարժման պատուիրակութեան անդամներ: Ողջունելով հիւրերը՝ քաղաքապետը յատուկ կերպով անդրադարձած է երիտասարդութեան ծիրին մէջ կազմակերպութեան կատարած աշխատանքներուն՝ նկատել տալով, որ այս գործունէութիւնը կարելիութիւն կու տայ պատրաստելու հայրենասէր, պատասխանատու եւ գիտակից սերունդ։
«Երեւանի քաղաքապետարանի կողմից կազմակերպուող միջոցառումներին մենք մշտապէս փորձում ենք ներգրաւել հայաստանեան սկաուտական շարժման ներկայացուցիչներին, եւ պէտք է նշեմ, որ նրանք մշտապէս աչքի են ընկնում իրենց ակտիւ մասնակցութեամբ ու կազմակերպչական ունակութիւններով: Կազմակերպութիւնը նաեւ Երեւանի քաղաքապետին կից քաղաքաշինական խորհրդի երիտասարդական յանձնաժողովի անդամ է եւ մշտապէս ակտիւ մասնակցութիւն ունի համաքաղաքային նշանակութեան տարբեր ծրագրերին, ինչն, անշուշտ, ողջունելի է», ընդգծած է քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան։
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար՝ Համաշխարհային սկաուտական շարժման գլխաւոր քարտուղար Սքոթ Թիրը իր հերթին կարեւոր նկատելով սկաուտական շարժման գործունէութիւնը՝ դիտել տուած է, որ Հայաստան իսկապէս ունի հմուտ ու հայրենասէր երիտասարդներ, եւ նկատի ունենալով Երեւանի քաղաքապետարանին հետ գոյութիւն ունեցող աշխոյժ համագործակցութիւնը՝ համոզում յայտնած է, որ անիկա աւելի եւս սերտանայ եւ ամրապնդուի։
Համաշխարհային սկաուտական շարժման կոմիտէի անդամ Բագրատ Եսայեան, իր կարգին, բարձր գնահատելով քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի կողմէ Հայաստանի ազգային սկաուտական շարժման նկատմամբ ցուցաբերուած աջակցութիւնն ու մնայուն ուշադրութիւնը, ընդգծած է, որ ասիկա կարելիութիւն պիտի տայ մայրաքաղաքի վարչական շրջաններուն մէջ առաւել եւս աշխուժացնելու սկաուտական շարժման գործունէութիւնն ու անմիջական մասնակցութիւնը համայնքային ծրագիրներուն:
Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան անգամ մը եւս վստահեցուցած է, որ Երեւանի քաղաքապետարանը պատրաստակամ է իր լիազօրութիւններու ծիրին մէջ աջակցիլ բոլոր այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը միտին ապահովել առողջ հասարակութեան կայացումը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.