
«Նոր Զարթօնք»ը իրապէս նոր յայտնութիւն մըն է Պոլսահայ իրականութեան մէջ եւ արդէն իր վրայ կրցած է գրաւել թէ՛ թրքական իշխանութեանց եւ թէ համայն աշխարհի հայութեան ուշադրութիւնը:
Խումբ մը երիտասարդներ են, որոնք շարժում սկսելու յայտ կը ներկայացնեն: Շարժում՝ արժանապատիւ ապրելու, ինքնավստահ՝ իրենց մարդկային իրաւունքներուն համար պատրաստ պայքարելու:
Իրենց թիւէն ու հնարաւորութիւններէն շատ աւելի ազդեցիկ կը դառնան այս երիտասարդները, որովհետեւ իրենց գործունէութեամբ, իրենց նախաձեռնութիւններով կ՛արտայայտեն շատ շատերու բաղձանքը:
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկները հազիւ աւարտած՝ ձեռնարկներ, որոնց կազմակերպումին մէջ իրենք ալ իրենց կարեւոր բաժինը բերած էին, հիմա այս երիտասարդները ոտքի կանգնած են ի պաշտպանութիւն «Արմէն» Ճամբարին: Շուրջօրեայ հերթապահութեամբ Հրանդ Տինքի ու տիկնոջ՝ Ռաքէլի երբեմնի ապստանարանը հանդիսցաող «Արմէն» Ճամբար-որբանոցի քանդումը կասեցնելու վճռականութեամբ ոտքի ելած են «Նոր Զարթօնք»ցիները. կեցուածք մը, որ կրնայ ծանր կացութեան մատնել զիրենք՝ արժանանալով օրէ օր աւելի ու աւելի բացայայտօրէն բռնատիրական հակումներով շարժող Էրտողանի վարչակարգի հակազդեցութեան:
Այս երիտասատդները կարծես աչք առած են այդ հաւանականութիւնը ու պատրաստ են դիմագրաւելու ճնշումները:
Մենք ուղղակի հիացած ենք «Նոր Զարթօնք»ի երիտասարդներու քաղաքացիական խիզախութեամբ, որ վստահօրէն իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ հազարաւոր ծպտեալ հայերու վրայ՝ զանոնք մղելով աւելի յանդուգն դառնալու՝ իրենց ազգային ինքնութեան վերադառնալու ճանապարհին:
Հիացումով կը հետեւինք «Նոր Զարթօնք»ի երիտասարդներուն եւ կը յուսանք, որ անոնք կը գրաւեն միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը, որպէս նուազագոյն երաշխիք իրենց ապահովութեան, իրենց իրաւունքներու պաշտպանութեան: