Կիրակի, 31 Մայիս 2015ին, ՀՄԸՄի կեդրոնի «Գէորգ Անտոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանի ՀՄԸՄի 37րդ Շրջանային ներկայացուցչական ժողովը, մասնակցութեամբ 72 ընտրեալ ներկայացուցիչներու եւ հրաւիրեալներու: ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութէան լիազօր ներկայացուցիչն էր Վիգէն Դաւիթեան: Ներկայ էր նաեւ Կեդր. վարչութեան անդամ Յակոբ Թիւֆէնքճեան: Ժողովի առաջին բաժինին մասնակցեցաւ շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Յովսէփեան:
Ժողովի բացումը կատարեց Շրջ. վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեան, որ հրաւիրեց ներկաները ընտրելու ժողովի դիւանը: Ատենապետ ընտրուեցաւ Մհեր Դաւիթեան, իսկ քարտուղարներ՝ Ստեփան Պաղպուտարեան եւ Րաֆֆի Վարժապետեան:
Ժողովը վայրկեան մը յոտնկայս յարգեց յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակնրուն, ինչպէս նաեւ մեզմէ առյաւէտ հեռացած ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Միհրան Շիմշիրեանի եւ շրջանի ՀՄԸՄականներու:
Ներկայութեան եւ լիազօրագիրներու ստուգումներէն եւ ժողովը օրինաւոր նկատելէ ետք ժողովականները ընտրեցին քուէախոյզ եւ բանաձեւի յանձնախումբերը: Շրջանային վարչութեան քարտուղար Մարօ Քէշիշեան ընթերցեց Կեդրոնական վարչութեան քառամեայ գործունէութեան ամփոփ տեղեկագիրը:
Ապա, ժողովը զբաղեցաւ Ներկայացուցչական ժողովի գլխաւոր առանցքը հանդիսացող ՀՄԸՄի Ընդհանուր կանոնագրի յօդուածներու փոփոխութեան առաջարկներու քննարկումով:
Յետմիջօրէին ժողովը քննեց եւ վաւերացուց մասնաճիւղերէն եկած եւ ժողովականներու կողմէ ներկայացուած ծրագրաւորումի, սկաուտական, մարզական, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթ, կայք, կազմակերպական, տնտեսական եւ ՀՄԸՄը յուզող այլ հարցերու շուրջ առաջարկներով:
Պէտք է ընդգծել, թէ ժողովականները յիշեալ բոլոր բաժանումներուն մէջ շեշտեցին միութեան կազմակերպական, ազգային դաստիարակութեան եւ այժմէական միջոցները օգտագործելու կարեւորութիւնը:
Այնուհետեւ, ժողովը ընտրեց հետեւեալ 10 պատգամաւորները, որոնք շրջանը պիտի ներկայացնեն ՀՄԸՄի 11րդ Ընդհ. ժողովին, որ պիտի գումարուի 7-12 Սեպտեմբեր 2015ին, Հայաստանի մէջ. Մհեր Դաւիթեան, Շահիկ Աղբաբեան, Վիգէն Աբէլեան, Մարօ Քէշիշեան, Գառնիկ Աբրահամեան, Յովիկ Պետեւեան, Փիեռ Մանուկեան, Արամ Թոմաս, Արմէն Աբրահամեան եւ Սիմա Կարապետեան:
Փոխներկայացուցիչներ ընտրուեցան Րաֆֆի Վարժապետեան եւ Սագօ Կարապետեան:
Կեդրոնական վարչութեան խօսքը փոխանցեց ներկայացուցիչ Վիգէն Դաւիթեան, որ առաջին հերթին շնորհաւորեց ժողովականները, որոնք համբերութեամբ, հոգատարութեամբ եւ բծախնդրութեամբ քննեցին հարցերը: Ան գնահատեց Շրջանային վարչութիւնը կարեւոր այս ժողովը լաւապէս կազմակերպած ըլլալուն համար, իսկ շնորհաւորելով ընտրուած պատգամաւորները, հաւաստիացուց, որ անոնք շրջանը լաւապէս պիտի ներկայացնեն ՀՄԸՄի բարձրագոյն ժողովին:
Ժողովը վերջ գտաւ կէսօրէն ետք ժամը 4:30ին, ՀՄԸՄի «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով: