ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի՝ ներկայացնելով 2014 թուականի «Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան» տարեկան զեկոյցը, յայտարարած է, որ Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան իմաստով 2014 թուականի մեծագոյն խնդիրը եղած է այն, որ կանոնաւոր փտածութիւնը շարունակուած է ու կառավարութեան մէջ առկայ եղած է թափանցիկութեան պակասը, արձանագրուած է արդարադատութեան համակարգի սահմանափակ անկախութեան եւ իրենց կառավարութիւնը փոխելու քաղաքացիներուն ընձեռուած կարելիութեան պակասը:
Ըստ անոր՝ «Գործադիր ճիւղը Հայաստանի մէջ կը շարունակէ քաղաքական ճնշումներու տակ պահել դատարանները: 2014 թուականին նկատելի եղած է բանակին մէջ ոչ մարտական պայմաններու մէջ արձանագրուած կասկածելի մահերը, ինչպէս նաեւ նորակոչիկներու նկատմամբ բռնութիւններուն թիւը»։
Զեկոյցը նաեւ փաստած է, որ Հայաստանի մէջ ոստիկանութիւնը խոստովանութիւններ ստանալու նպատակով կը շարունակէ հարցաքննութիւններուն ընթացքին ծեծի ենթարկելու ձեւի օգտագործումը: Իսկ իշխանութիւնը ոեւէ մէկը պատասխանատուութեան չէ ենթարկած 2008 թուականի նախագահական ընտրութիւններէն ետք 8 քաղաքացիներու եւ երկու ոստիկաններու սպանութեան համար:
Հակառակ անոր որ Հայաստանի օրէնքները կը ճանչնան անմեղութեան վարկածը, սակայն, ըստ զեկոյցին, իշխանութիւնները այդ օրէնքը չեն յարգեր:
Հայաստանի մէջ մեծ թիւով անձեր կրցած են քննադատել կառավարութիւնը: Սակայն, Քերիի զեկոյցին՝ մէջ նշուած է, որ Նոյեմբերի աւարտին ու Դեկտեմբերին տեղի ունեցած են յարձակումներ ընդդէմ քաղաքական ու քաղաքացիական գործիչներու, որոնց կարգին՝ խորհրդարանի ընդդիմադիր անդամի:
Զեկոյցը նաեւ կը յիշեցնէ նախագահին դէմ որեւէ ձեւով խօսողներուն «ականջները կտրելու» մասին փոխոստիկանապետին սպառնալիքը:
Մամլոյ ազատութեան առումով, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան տարեկան զեկոյցին մէջ նշուած է, որ՝ ի հակադրութիւն համացանցային պարբերականներուն, Հայաստանի մէջ տպագիր ու ձայնասփիւռի–պատկերասփիւռի կայանները հիմնականօրէն զրկուած են քաղաքական տարբեր կարծիքներ արտայայտելու կարելիութենէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.