ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի Մեծ դահլիճին մէջ կայացած է Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան «20րդ դարի ցեղասպանութիւնների համեմատական վերլուծութիւն» խորագիրը կրող 12րդ համաժողովի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ընթացքին խօսք առած է նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան։
Ան հաստատած է, որ մարդկութեան դէմ կատարուած բոլոր ոճրագործութիւններուն, որոնց կարգին՝ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման իմաստով մեծ ու առանցքային դերակատարութիւն ունին հասարակական-քաղաքական շրջանակները։
Ըստ նախագահին՝ այդ պայքարին մէջ իրենց ջանքերը պէտք է համատեղեն քաղաքական գործիչները, մշակութային, հոգեւոր, գիտական շրջանակները, քաղաքացիական հասարակութիւնն ու ազատ մամուլը:
Խօսելով Ապրիլին Երեւանի մէջ կայացած «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» առաջին համաշխարհային խորհրդաժողովին մասին՝ նախագահ Սարգսեան ըսած է. «Հէնց ֆորումի մասնակիցների առաջարկն էր, եւ պարոն Ֆէյերստայնը միացաւ դրան, որ Հայաստանն այդ գործում ստանձնի առաջնորդի դերակատարում եւ պարբերական բնոյթ հաղորդի համաժողովին: Անցկացնելով անհրաժեշտ քննարկումներ՝ մենք ընդունել ենք այդ առաջարկը եւ նախատեսում ենք համաժողովն անցկացնել երկու տարին մէկ անգամ՝ սկսուած 2016 թուականից:
Մենք համարեցինք, որ արդիւնաւէտ կը լինի գլոբալ ֆորումը յաջորդի այն տարիներին, երբ անցկացւում են ձեր ընկերակցութեան համաժողովները եւ դառնայ նաեւ ձեր կառոյցի համար նոր հարթակ՝ տարածելու ձեր փորձը եւ գիտելիքները աւելի լայն շրջանակների ներգրաւմամբ: Ես պաշտօնապէս առաջարկում եմ Ցեղասպանագէտների միջազգային ընկերակցութեանը դառնալ «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» համաժողովի համահիմնադիր, կազմակերպիչ եւ մշտական մասնակից», նշած է Սերժ Սարգսեան:
Ան անդրադարձած է նաեւ այն երեւոյթին, որ ցեղասպանութեան մասին խօսելու ատեն ոմանք կ՛օգտագործեն «ողբերգութիւն» ձեւակերպումը: «Բայց անհրաժեշտ եմ համարում, որ մշտապէս օգտագործուի այդ եզրոյթի միակ ճիշդ բնորոշումը՝ «յանցագործութիւն»: Ողբերգութիւնը յաճախ կարող է տեխնոլոգիական աղէտի հետեւանք լինել, կարող է լինել բնական արհաւիրքի հետեւանք, նոյնիսկ կարող է լինել պատահականութեան հետեւանք: Ցեղասպանութիւնը, ի տարբերութիւն այդ ամէնի, խորապէս հաշուարկուած, նախագծուած, նախապատրաստուած յանցագործութիւն է, որն ունի յստակ թիրախ, սահմանուած գործիքակազմ եւ այլատեացութեան վրայ յենուող գաղափարախօսութիւն:
Եւ հաշուի առնելով այդ յանցագործութեան բազմաշերտ բնոյթը, չափազանց կարեւոր է, որ դրա բնորոշման, կանխարգելման, դադարեցման, դատապարտման, դրա համար պատժի կիրառման գործընթացը լինի բազմակողմանիօրէն հիմնաւորուած, եւ այդ հիմնաւորուածութիւնը կառուցուած լինի գիտական հենքի վրայ: Պատմաբաններ, քաղաքագէտներ, ազգագրագէտներ, մշակութաբաններ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ, հոգեբաններ, բազմաթիւ այլ մասնագէտներ են անհրաժեշտ ցեղասպանութեան յանցագործութեան դէմ պայքարն աւելի արդիւնաւէտ առաջ մղելու համար, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութիւնների հետեւանքները յաղթահարելուն ուղղուած քայլեր ծրագրաւորելու եւ իրականացնելու համար: Դրանով է կարեւորւում Ցեղասպանագէտների միջազգային ընկերակցութեան այս հարթակը: Դուք մասնագիտօրէն էք զբաղւում մարդկութեան առջեւ ծառացած այդ դժոխային երեւոյթով», յայտնած է նախագահը։
Իր խօսքը եզրափակելով նախագահ Սարգսեան անդրադարձած է այն իրականութեան, որ պատմութեան ընթացքին յաճախ տարատեսակ շահեր անհեռատեսօրէն կը գերադասեն ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու հրամայականը՝ մարդկութեան տարեգրութեան մէջ ստեղծելով անպատիժ նախադէպեր ու այդպիսով իսկ խթանելով նմանօրինակ վարքագիծի հետագայ դրսեւորումները: «Գաղտնիք չէ, որ կատարուած յանցագործութիւնները քօղարկելու, զոհին ոճրագործ եւ ոճրագործին զոհ ներկայացնելու փորձերից զերծ չի մնում նաեւ գիտութիւնը կամ մի գուցէ աւելի ճիշդ է ասել՝ «հակագիտութիւնը», նշած է Սերժ Սարգսեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.